ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։1-39

8  Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր*։  Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն։  Վասն զի այն որ օրէնքին համար անկարելի էր, որովհետեւ տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ.  Որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, քանի որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս։  Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։  Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։  Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրէնքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ։  Վասն զի մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։  Բայց դուք մարմնով չէք, հապա՝ հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսին Հոգին չունի, անիկա անորը չէ։ 10  Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ 11  Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։ 12  Ապա ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, ո՛չ թէ մարմնին՝ մարմնաւորապէս ապրելու համար. 13  Վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։ 14  Վասն զի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ 15  Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ 16  Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. 17  Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։ ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ 18  Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ 19  Քանզի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ 20  Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց, 21  Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին։ 22  Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։ 23  Եւ ոչ միայն անոնք, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք՝ որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմնին ազատութեանը սպասելով։ 24  Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ 25  Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր։ 26  Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ 27  Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։ 28  Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։ 29  Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց որ Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։ 30  Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ 31  Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ։ 32  Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։ 33  Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։ 34  Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։ 35  Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. 36  Ինչպէս գրուած է. «Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք». 37  Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ 38  Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, 39  Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։

Ստորանիշներ

8։1 Ոմանք կ’աւելցնեն, այլ հոգեւոր կերպով