ՀՌՈՒԹ 3։1-18

3  Հռութին կեսուրը՝ Նոեմի՝ անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի տուն մը չփնտռե՞մ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։  Հիմա Բոոս մեր ազգականը չէ՞, որուն աղջիկներուն քով կեցար դուն. ահա անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։  Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր։  Երբ քնանայ, անոր պառկած տեղը իմացիր եւ գնա՛ անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բաց ու պառկէ եւ անիկա քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՞նչ ընելու ես»։  Ու Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։  Կալը իջաւ ու կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ։  Բոոս ուտելէն, խմելէն ու սիրտը զուարճանալէն ետքը՝ դիզուած գարիին եզերքը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամացուկ մը գնաց ու անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։  Կէս գիշերին մարդը վախցաւ ու ծռելով տեսաւ որ ահա իր ոտքերուն քով կին մը պառկեր էր, ըսաւ.  «Դուն ո՞վ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես քու աղախինդ Հռութն եմ եւ քու քղանցքդ քու աղախինիդ վրայ տարածէ, քանզի դուն մօտ ազգականս ես»։ 10  Ան ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։ 11  Հիմա, ո՛վ աղջիկս, մի՛ վախնար, դուն ինծի ինչ որ ըսես, պիտի ընեմ. քանզի իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը* գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես։ 12  Իրաւցնէ ես քու ազգականդ եմ, բայց ինձմէ աւելի մօտ ուրիշ ազգական մըն ալ կայ։ 13  Այս գիշեր հոս կեցիր ու եթէ անիկա առաւօտուն իր ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել ուզէ, աղէ՛կ, թո՛ղ հատուցանէ. բայց եթէ անիկա ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել չուզէ, այն ատեն ես կը հատուցանեմ։ Կենդանի է Տէրը՝ մինչեւ առաւօտ հոս պառկէ»։ 14  Ուստի մինչեւ առաւօտ անոր ոտքերուն քով պառկեցաւ ու մութին, երբ մարդիկ դեռ չէին կրնար մէկզմէկ ճանչնալ, ելաւ եւ Բոոս ըսաւ. «Մարդ թող չգիտնայ թէ կալին մէջ կին մտեր է»։ 15  Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բեր ու զանիկա բռնէ»։ Հռութ զանիկա բռնեց ու անոր վեց չափ գարի չափեց ու անոր վրայ դրաւ։ Անիկա քաղաք գնաց։ 16  Ու Հռութ իր կեսրոջ քով գնաց, որ իրեն ըսաւ. «Ո՛վ աղջիկս, ի՞նչպէս ես»։ Անիկա անոր պատմեց ինչ որ այն մարդը ըրաւ իրեն։ 17  Եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. ‘Քու կեսրոջդ պարապ մի՛ երթար’»։ 18  Եւ Նոեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, նստէ՛, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս գործը ի՛նչպէս պիտի լմննայ. քանզի այն մարդը մինչեւ որ այս գործը այսօր չլմնցնէ, չի հանգստանար»։

Ստորանիշներ

3։11 Եբր., ժողովուրդիս բոլոր դուռը