ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 17։1-16
17 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. ‘Այս բանն է, որ Տէրը պատուիրեց, ըսելով.
3 «Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը եւ կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ
4 Եւ Տէրոջը խորանին առջեւ Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար վկայութեան խորանին առջեւ չբերէ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի,
5 Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը որոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն վկայութեան խորանին դուռը՝ քահանային բերեն եւ խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն։
6 Եւ քահանան պէտք է սրսկէ արիւնը վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջեւ։
7 Եւ իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պէտք է ըլլայ իրենց սերունդին մէջ»’։
8 Եւ ըսէ՛ անոնց, ‘Եթէ Իսրայէլի տունէն մէկը կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ
9 Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար վկայութեան խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։
10 Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ.
11 Վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։
12 Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. «Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ»։
13 Եթէ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։
14 Վասն զի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է։ Անիկա է բուն կենդանութիւնը, ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. «Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք, քանզի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ՝ պէտք է կորսուի»։
15 Եւ բնիկներէն կամ օտարականներէն՝ դիակ կամ գիշատուած ուտող ոեւէ մարդ իր լաթերը պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ ու ետքը մաքուր սեպուի.
16 Բայց եթէ չլուայ զանոնք եւ իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ’»։