ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 2։1-52

2  Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։  (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սուրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։  Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։  Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար,  Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։  Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան,  Իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։ ՀՈՎԻՒՆԵՐԸ ԵՒ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ  Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։  Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։ 10  Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ 11  Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ 12  Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ 13  Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. 14  «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ 15  Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ 16  Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։ 17  Երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցան։ 18  Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին։ 19  Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր։ 20  Հովիւները դարձան, փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր։ 21  Երբ ութ օրերը լման եղան մանուկը* տարին թլփատելու։ Անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ 22  Մովսէսին օրէնքին համեմատ երբ անոնց* մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջեւ հանելու, 23  Ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ «Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի», 24  Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու՝ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։ 25  Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր։ 26  Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ։ 27  Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ։ Ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, 28  Ինքն ալ զանիկա իր գիրկը առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ. 29  «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. 30  Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ 31  Որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, 32  Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։ 33  Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որոնք անոր համար կը խօսուէին։ 34  Սիմէոն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. «Ահա այս մանուկը Իսրայէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է. 35  (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին»։ 36  Հոն էր Աննա մարգարէուհին, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն 37  Եւ որբեւայրի էր գրեթէ ութսունչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ։ 38  Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին։ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՆԱԶԱՐԷԹ 39  Երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլիա դարձան, իրենց Նազարէթ քաղաքը։ 40  Մանուկը կը մեծնար ու հոգիով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր։ ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ 41  Անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային։ 42  Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։ 43  Երբ օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Բայց Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր, 44  Հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, յետոյ սկսան փնտռել զանիկա իրենց ազգականներուն եւ ճանչուորներուն մէջ։ 45  Երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փնտռելու։ 46  Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ 47  Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։ 48  Երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին։ Մայրը ըսաւ անոր. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։ 49  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը* ըլլամ»։ 50  Անոնք չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսուեցաւ։ 51  Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։ 52  Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով։

Ստորանիշներ

2։21 Ոմանք, զանիկա
2։22 Ոմանք, անոր
2։49 Կամ, գործերուն մէջ