ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 21։1-38
21 Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։
2 Տնանկ որբեւայրի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։
3 Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւայրին ամենէն աւելի ձգեց.
4 Վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։
ՅԻՍՈՒՍ ՏԱՃԱՐԻՆ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
(Մատթ. 24։1, 2. Մարկ. 13։1, 2)
5 Երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ՝ ‘Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է’,
6 Ըսաւ. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։
ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ
(Մատթ. 24։3-14. Մարկ. 13։3-13)
7 Հարցուցին իրեն ու ըսին. «Վա՛րդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ է նշանը՝ երբ այդ բաները պիտի ըլլան»։
8 Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի՛ երթաք։
9 Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։
10 Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ.
11 Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։
12 Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։
13 Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։
14 Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։
15 Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։
16 Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանք պիտի սպաննուին։
17 Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք.
18 Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։
19 Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՒԵՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
20 «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։
21 Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։
22 Վասն զի այն օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին։
23 Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։
24 Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։
ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
(Մատթ. 24։29-31. Մարկ. 13։24-27)
25 «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան.
26 Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։
27 Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։
28 Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։
ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
(Մատթ. 24։32-35. Մարկ. 13։28-31)
29 Առակ մը ըսաւ անոնց. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։
30 Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։
31 Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։
32 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ ‘Այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։
33 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
34 «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի.
35 Վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։
36 Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։
37 Յիսուս ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. իսկ գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար։
38 Բոլոր ժողովուրդը առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաճարը՝ իր խօսքերը լսելու։