ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 3։1-38
3 Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը
2 Եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։
3 Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար.
4 Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։
5 Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։
6 Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։
7 Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։
9 Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։
10 Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։
11 Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։
12 Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։
13 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի՛ պահանջէք»։
14 Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։
15 Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իրենց սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’,
16 Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով.
17 Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։
18 Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։
19 Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր եղբօր* կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց,
20 Այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
(Մատթ. 3։13-17. Մարկ. 1։9-11)
21 Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ
22 Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։
ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱԶԳԱՏՈՀՄԸ
(Մատթ. 1։1-17)
23 Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ Ինչպէս կը կարծուէր՝ ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,
24 Որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,
25 Որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,
26 Որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,
27 Որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,
28 Որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,
29 Որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,
30 Որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,
31 Որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,
32 Որ Յեսսէի, որ Ովբէդի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,
33 Որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,
34 Որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,
35 Որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,
36 Որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,
37 Որ Մաթուսաղայի, որ Ենովքի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,
38 Որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։
Ստորանիշներ
^ 3։19 Ոմանք, եղբօրը Փիլիպպոսին