ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 8։1-56

8  Անկէ յետոյ՝ ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին,  Նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բժշկուեր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր  Եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր* ծառայութիւն կ’ընէին։ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ (Մատթ. 13։1-9. Մարկ. 4։1-9)  Երբ մեծ բազմութիւն ժողվուեցաւ եւ շատ քաղաքներէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց.  «Սերմ ցանող մը ելաւ իր սերմը ցանելու։ Ցանած ատենը մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ ոտքի տակ կոխկռտուեցան ու երկնքի թռչունները կերան զանոնք։  Ուրիշներ ապառաժի վրայ ինկան ու բուսածին պէս չորցան, հողին հիւթ չունենալուն համար։  Եւ ուրիշներ փուշերու մէջ ինկան ու փուշերը անոնց հետ բուսնելով խեղդեցին զանոնք։  Եւ ուրիշներ աղէ՛կ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»։ Երբ այս բաները կ’ըսէր, կ’աղաղակէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։ ԱՌԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ (Մատթ. 13։10-17. Մարկ. 4։10-12)  Իր աշակերտները հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս առակը»։ 10  Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն առակներով կը խօսիմ. որպէս զի տեսնելով՝ չտեսնեն եւ լսելով՝ չիմանան»։ ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԷ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ (Մատթ. 13։18-23. Մարկ. 4։13-20) 11  «Արդ, առակին իմաստը այս է. ‘Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։ 12  Ճամբուն քովինները անոնք են՝ որ կը լսեն ու ետքը Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին։ 13  Ապառաժին վրայինները անոնք են՝ որ երբ լսեն, ուրախութեամբ կ’ընդունին խօսքը, բայց արմատ չունին։ Ատեն մը կը հաւատան ու փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։ 14  Փուշերուն մէջ ինկածները անոնք են՝ որ կը լսեն, բայց հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով՝ կը խեղդուին եւ անպտուղ կ’ըլլան։ 15  Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան’»։ ԱՄԱՆԻՆ ՏԱԿԻ ՃՐԱԳԸ (Մարկ. 4։21-25) 16  «Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ ու ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ 17  Վասն զի չկայ ծածուկ բան մը, որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտուկ բան մը, որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ։ 18  Ուստի նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. քանզի ով որ ունի՝ անոր պիտի տրուի եւ ով որ չունի՝ այն ալ որ ինք կը կարծէ թէ ունի, ան ալ անկէ պիտի առնուի»։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ (Մատթ. 12։46-50. Մարկ. 3։31-35) 19  Անոր մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց բազմութենէն չէին կրնար անոր քով երթալ։ 20  Անոր իմացուցին՝ ըսելով. «Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են ու քեզ տեսնել կ’ուզեն»։ 21  Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զանիկա կը կատարեն»։ ՅԻՍՈՒՍ ՓՈԹՈՐԻԿԸ ԿԸ ԽԱՂԱՂԵՑՆԷ (Մատթ. 8։23-27. Մարկ. 4։35-41) 22  Օր մը նաւը մտան Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ ու ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս կողմը անցնինք»։ Ճամբայ ելան։ 23  Երբ նաւով կ’երթային ինք քնացաւ։ Զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ ծովակին վրայ։ Նաւը ջուրով կը լեցուէր ու իրենք վտանգի մէջ էին։ 24  Մօտեցան, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Վա՛րդապետ, վա՛րդապետ, ահա կը կորսուինք»։ Ան ալ ելաւ սաստեց հովին ու ջուրերուն խռովութեանը եւ հանդարտեցաւ ու խաղաղութիւն եղաւ։ 25  Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Անոնք վախի մէջ ինկած՝ զարմացան ու իրարու կ’ըսէին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա՝ որ հովերուն ու ջուրին ալ հրաման կու տայ եւ կը հնազանդին իրեն»։ ՅԻՍՈՒՍ ԴԻՒԱՀԱՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ (Մատթ. 8։28-34. Մարկ. 5։1-20) 26  Ու նաւելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլիայի դիմացի կողմն է։ 27  Ինք ցամաքը ելլելուն պէս՝ այն քաղաքէն մարդ մը ելաւ դէմը, որուն ներսը շատ ատենէ ի վեր դեւեր կային ու անիկա հանդերձ չէր հագներ, ոչ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա գերեզմաններու մէջ։ 28  Ան՝ Յիսուսը տեսնելով՝ աղաղակեց ու ինկաւ անոր առջեւ ու բարձր ձայնով ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալն Աստուծոյ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս մի՛ տանջեր»։ 29  (Վասն զի հրամայեց պիղծ ոգիին որ այն մարդէն ելլէ. որովհետեւ շատ ատեն էր որ զանիկա գրաւած էր եւ անիկա շղթաներով ու ոտնակապերով կապուած կը պահուէր, բայց կապերը կը կոտրտէր ու դեւէն անապատը կը քշուէր։) 30  Հարցուց անոր Յիսուս ու ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Լեգէոն». վասն զի շատ մը դեւեր մտեր էին անոր ներսիդին, 31  Անոնք կ’աղաչէին անոր որ անդունդը երթալու հրաման չընէ իրենց։ 32  Հոն խոզերու երամակ մը կար, որոնք լեռը կ’արածուէին։ Աղաչեցին որ իրենց հրաման տայ անոնց մէջ մտնելու։ Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ 33  Դեւերը մարդէն ելլելով՝ խոզերուն մէջ մտան։ Երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց ու խեղդուեցաւ։ 34  Խոզարածները ասիկա տեսնելով փախան ու պատմեցին քաղաքը ու ագարակները։ 35  Մարդիկ ելան եղած բանը տեսնելու։ Եկան Յիսուսին, գտան այն մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, հագուած ու խելքը վրան Յիսուսին ոտքերուն քով նստած ու վախցան։ 36  Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչպէս դիւահարը ազատեցաւ։ 37  Գադարացիներու շրջակայքը գտնուող բոլոր բազմութիւնը կ’աղաչէր անոր, որ իրենցմէ երթայ, վասն զի մեծ վախով բռնուած էին։ Ան ալ նաւը մտնելով ետ դարձաւ։ 38  Մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, կ’աղաչէր անոր որ իրեն ընկերանայ, բայց Յիսուս ըսաւ. 39  «Դարձիր քու տունդ ու պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ»։ Ան ալ գնաց ու բոլոր քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ ՅԱՅՐՈՍԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԿԻՆԸ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԱՆԴԵՐՁԻՆ ԴՊԱՒ (Մատթ. 9։18-26. Մարկ. 5։21-43) 40  Երբ Յիսուս ետ դարձաւ, ժողովուրդը զանիկա ընդունեց, վասն զի ամէնքը իրեն կը սպասէին։ 41  Ահա Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանին իշխանն էր, Յիսուսին ոտքը իյնալով կ’աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ, 42  Վասն զի մէկ հատիկ աղջիկ մը ունէր, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մեռնելու մօտ էր։ Երբ Յիսուս կ’երթար, բազմութիւնը կը նեղէր զինք։ 43  Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու իր բոլոր ունեցածը բժիշկներուն ծախսած էր բայց ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր, 44  Ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ իսկոյն իր արիւնին հոսումը դադրեցաւ։ 45  Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Երբ ամէնքը կ’ուրանային, ըսին Պետրոս ու իրեն հետ եղողները. «Վարդապետ, բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ 46  Յիսուս ըսաւ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինձմէ զօրութիւն մը ելաւ»։ 47  Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։ 48  Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ 49  Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ վարդապետը մի՛ յոգնեցներ»։ 50  Բայց Յիսուս երբ լսեց ատիկա, ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։ 51  Երբ տունը մտաւ, ուրիշ մէ՛կը թող չտուաւ որ մտնէ, բայց միայն Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու աղջկան հայրն ու մայրը։ 52  Ամէնքն ալ կու լային ու կ’ողբային անոր վրայ. եւ ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 53  Անոնք ծաղր կ’ընէին զանիկա, քանզի գիտէին թէ մեռաւ։ 54  Ինք ամէնքն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց աղջկան ձեռքէն ու կանչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ելիր»։ 55  Անոր հոգին դարձաւ ու իսկոյն ոտքի ելաւ։ Յիսուս հրաման ըրաւ, որ ուտելիք տան անոր։ 56  Անոր ծնողքը ապշած մնացին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ եղածը մարդո՛ւ չըսեն։

Ստորանիշներ

8։3 Ոմանք, անոնց