ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12։1-50
12 Յիսուս շաբաթ օր մը կ’երթար արտերուն մէջէն, երբ իր աշակերտները անօթեցան, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։
2 Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել»։
3 Ան ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին.
4 Մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, բայց միայն քահանաներուն։
5 Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները շաբաթ օրերը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։
6 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։
7 Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր.
8 Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին* տէրն է»։
ՉՈՐՑԱԾ ՁԵՌՔՈՎ ՄԱՐԴԸ
(Մարկ. 3։1-6. Ղուկ. 6։6-11)
9 Անկէ երթալով՝ գնաց անոնց ժողովարանը։
10 Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր։ Հարցուցին անոր. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է», որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։
11 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա։
12 Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։
13 Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս։
14 Իսկ փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ անոր վրայով խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս զանիկա կորսնցնեն։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԾԱՌԱՆ
15 Յիսուս երբ գիտցաւ, զատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց,
16 Բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն.
17 Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը.
18 «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։
19 Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։
20 Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։
21 Եւ հեթանոսները անոր անուանը պիտի յուսան»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԲԷԵՂԶԵԲՈՒՂԸ
(Մարկ. 3։20-30. Ղուկ. 11։14-23)
22 Այն ատեն կոյր ու համր դիւահար մը բերին իրեն եւ զանիկա բժշկեց, այնպէս որ համր ու կոյրը խօսեցաւ ու տեսաւ։
23 Բոլոր ժողովուրդը զարմացած կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։
24 Բայց փարիսեցիները երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։
25 Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։
26 Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը։
27 Ու եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։
28 Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։
29 Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։
30 Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ։
31 Անոր համար ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց’։
32 Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհին մէջ»։
ԾԱՌ ՄԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ
(Ղուկ. 6։43-45)
33 «Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի, կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի։
34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։
35 Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար բաներ կը հանէ։
36 Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։
37 Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս ու քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։
ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
(Մարկ. 8։11, 12. Ղուկ. 11։29-32)
38 Այն ատեն դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։
39 Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։
40 Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։
41 Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանի քարոզութիւնովը զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։
42 Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։
ՉԱՐ ՈԳԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
(Ղուկ. 11։24-26)
43 «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ.
44 Այն ատեն կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։
45 Այն ատեն կ’երթայ ու իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
(Մարկ. 3։31-35. Ղուկ. 8։19-21)
46 Մինչ ինք ժողովուրդին կը խօսէր, իր մայրը ու եղբայրները դուրսը կայներ էին եւ կ’ուզէին իրեն հետ խօսիլ։
47 Մէկը իրեն ըսաւ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ’ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։
48 Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։
49 Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս.
50 Վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։
Ստորանիշներ
^ 12։8 Ոմանք, շաբաթին ալ