ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 15։1-39

15  Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները, փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէն էին ու ըսին.  «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն»։  Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։  Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ.  Եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։  Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինձմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ իր մայրը չպատուէ, ազատ է’։ Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։  Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ.  ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը* զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ.  Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։ ԲԱՆԵՐ ՈՐ ՄԱՐԴԸ ԱՆՄԱՔՈՒՐ Կ’ԸՆԵՆ (Մարկ. 7։14-23) 10  Ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ու միտք առէք. 11  Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։ 12  Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ 13  Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ 14  Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։ 15  Պետրոս պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ. «Մեկնէ մեզի այս առակը»։ 16  Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. 17  Ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ 18  Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ 19  Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ 20  Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։ ԿՆՈՋ ՄԸ ՀԱՒԱՏՔԸ (Մարկ. 7։24-30) 21  Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։ 22  Քանանացի կին մը այն սահմաններէն ելած՝ կ’աղաղակէր անոր ու կ’ըսէր. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ 23  Ինք բնաւ պատասխան չտուաւ անոր։ Իր աշակերտները մօտենալով՝ կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ 24  Ինքն ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ 25  Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ 26  Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ 27  Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ 28  Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։ ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ 29  Յիսուս անկէ գնաց, երբ Գալիլիայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ։ 30  Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։ 31  Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։ ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒԻԼԸ (Մարկ. 8։1-10) 32  Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։ 33  Աշակերտները անոր ըսին. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնենք»։ 34  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։ 35  Հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։ 36  Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին։ 37  Կերան ամէնքը եւ կշտացան։ Եօթը զամբիւղ լեցուն՝ աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ 38  Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։ 39  Երբ ժողովուրդը արձակեց, նաւը մտաւ ու Մագդաղայի սահմանները գնաց։

Ստորանիշներ

15։8 Ոմանք, բերնովը ինծի կը մօտենայ, եւ շրթունքներովը