ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 24։1-51
24 Երբ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ’երթար, աշակերտները անոր քով գացին՝ տաճարին շէնքերը իրեն ցուցնելու։
2 Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’»։
ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ
(Մարկ. 13։3-13. Ղուկ. 21։7-19)
3 Ու երբոր անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
4 Յիսուս պատասխանեց. «Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։
5 Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն. ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատեր պիտի մոլորեցնեն։
6 Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասն զի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։
7 Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։
8 Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։
9 Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։
10 Շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։
11 Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։
12 Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։
13 Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։
14 Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։
ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ
15 «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ, թող հասկնայ).
16 Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։
17 Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։
18 Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։
19 Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։
20 Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը.
21 Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
22 Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։
23 Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ ‘Ահա հոս է Քրիստոսը կամ հոն’, մի՛ հաւատաք.
24 Վասն զի սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։
25 Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։
26 Եթէ ձեզի ըսեն թէ ‘Ահա անապատին մէջ է’, մի՛ ելլէք. եւ թէ՝ ‘Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է’, մի՛ հաւատաք։
27 Վասն զի ինչպէս փայլակը արեւելքէն կ’ելլէ ու մինչեւ արեւմուտք կ’երեւնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ գալուստը։
28 Քանզի ուր որ մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։
ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
(Մարկ. 13։24-27. Ղուկ. 21։25-28)
29 «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։
30 Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։
31 Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։
ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ
(Մարկ. 13։28-31. Ղուկ. 21։29-33)
32 «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։
33 Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։
34 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։
35 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ
(Մարկ. 13։32-37. Ղուկ. 17։26-30, 34-36)
36 «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները*, հապա միայն իմ Հայրս։
37 Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
38 Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ,
39 Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
40 Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի.
41 Եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։
42 Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։
43 Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։
44 Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆ
(Ղուկ. 12։41-48)
45 «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։
46 Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։
47 Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։
48 Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’,
49 Եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։
50 Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր
51 Եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։
Ստորանիշներ
^ 24։36 Ոմանք, հրեշտակները եւ ոչ Որդին