ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 28։1-20
28 Շաբաթ գիշերը, երբ մէկշաբթին կը լուսնար, եկան Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու։
2 Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջը հրեշտակը երկինքէն իջնելով, գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ։
3 Անոր տեսքը փայլակի պէս էր ու անոր հանդերձները՝ ձիւնի պէս ճերմակ։
4 Անոր վախէն պահապանները խռովեցան ու մեռածի պէս եղան։
5 Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։
6 Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։
7 Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա’. ահա ձեզի ըսի»։
8 Անոնք շուտ մը գերեզմանէն ելան վախով ու մեծ ուրախութիւնով եւ վազեցին աշակերտներուն պատմելու։
9 Երբ կ’երթային անոր աշակերտներուն պատմելու, Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։
10 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։
ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
11 Երբ անոնք կ’երթային, պահապան զինուորներէն մէկ քանին քաղաքը գացին ու քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։
12 Անոնք ալ ծերերուն հետ հաւաքուելով ու խորհուրդ ընելով՝ շատ ստակ տուին զինուորներուն,
13 Ու ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’։
14 Եթէ այդ բանը կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով* կ’ընենք»։
15 Անոնք ալ ստակը առին ու սորվածնուն պէս ըրին. եւ այս ձայնը Հրեաներուն մէջ տարածուեցաւ մինչեւ այսօր։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ Կ’ԵՐԵՒԻ
(Մարկ. 16։14-18. Ղուկ. 24։36-49. Յովհ. 20։19-23. Գործք 1։6-8)
16 Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր։
17 Երբ զանիկա տեսան, երկրպագութիւն ըրին անոր, բայց ոմանք տարակուսեցան։
18 Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։
19 Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ.
20 Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Ամէն։
Ստորանիշներ
^ 28։14 Յուն., անհոգ