ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5։1-48
5 Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին.
2 Իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր.
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Ղուկ. 6։20-23)
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։
4 Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին։
5 Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։
6 Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան։
7 Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։
8 Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։
9 Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
10 Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։
11 Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։
12 Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։
ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ
(Մարկ. 9։49. Ղուկ. 14։34, 35)
13 «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։
14 Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։
15 Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։
16 Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՕՐԷՆՔԻ ՇՈՒՐՋ
17 «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։
18 Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։
19 Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։
20 Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
21 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպանութիւն մի՛ ըներ։ Ով որ սպանութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ’։
22 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ’։
23 Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի,
24 Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։
25 Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։
26 Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՇՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
27 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ*, ‘Շնութիւն մի՛ ըներ’,
28 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։
29 Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։
30 Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
(Մատթ. 19։9. Մարկ. 10։11, 12. Ղուկ. 16։18)
31 «Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’.
32 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԵՐԴՈՒՄԻ ՇՈՒՐՋ
33 «Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը’։
34 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է
35 Եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է,
36 Ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասն զի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։
37 Հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ’»։
ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ՎՐԷԺԻ ՇՈՒՐՋ
(Ղուկ. 6։29, 30)
38 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ’։
39 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։
40 Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։
41 Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա՛ անոր հետ երկու։
42 Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել’»։
ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ
(Ղուկ. 6։27, 28, 32-36)
43 «Լսեր էք որ ըսուեցաւ. ‘Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես’։
44 Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն.
45 Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։
46 Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։
47 Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։
48 Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է’»։
Ստորանիշներ
^ 5։27 Ոմանք կ’աւելցնեն, առաջիններուն