ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 7։1-29
7 «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։
2 Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։
3 Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։
4 Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։
5 Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։
6 «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն»։
ԽՆԴՐԵԼ, ՓՆՏՌԵԼ, ԶԱՐՆԵԼ
(Ղուկ. 11։9-13)
7 «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։
8 Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։
9 Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր,
10 Եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։
11 Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։
12 «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։
ՆԵՂ ԴՈՒՌԸ
(Ղուկ. 13։24)
13 «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։
14 Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։
ԾԱՌԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ
(Ղուկ. 6։43, 44)
15 «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։
16 Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։
17 Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։
18 Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։
19 Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։
20 Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։
ՁԵԶ ԵՐԲԵՔ ՉԵՄ ՃԱՆՉՆԱՐ
(Ղուկ. 13։25-27)
21 «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։
22 Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։
23 Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։
ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՆ ՇԻՆՈՂՆԵՐԸ
(Ղուկ. 6։47-49)
24 «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։
25 Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։
26 Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։
27 Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը»։
ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
28 Ու երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։
29 Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։