ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9։1-38

9  Նաւը մտնելով անդիի կողմը անցաւ ու գնաց իր քաղաքը։  Իրեն անդամալոյծ մը բերին, որ մահիճի մէջ պառկած էր։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։  Դպիրներէն ոմանք իրենց մտքին մէջ ըսին. «Ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէ»։  Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք։  Ո՞րը աւելի դիւրին է. ‘Քու մեղքերդ ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ ելիր ու քալէ՝ ըսելը’։  Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու (այն ատեն անդամալոյծին ըսաւ), «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։  Անիկա ելաւ իր տունը գնաց։  Ներկաները երբ տեսան, զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է։ ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՏԹԷՈՍԸ ԿԸ ԿԱՆՉԷ (Մարկ. 2։13-17. Ղուկ. 5։27-32)  Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ 10  Տունը սեղան նստած ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ 11  Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ 12  Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ 13  Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան*»։ ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ (Մարկ. 2։18-22. Ղուկ. 5։33-39) 14  Այն ատեն Յովհաննէսին աշակերտները անոր եկան ու ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու փարիսեցիները շատ անգամ ծոմ կը պահենք իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։ 15  Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը սուգ պահեն, քանի որ փեսան իրենց հետ է. բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ 16  Մէկը չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, քանզի այն որ անոր լրութեանը համար դրուած է, կ’առնէ հանդերձէն ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ. 17  Ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։ ԻՇԽԱՆԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ՀԱՆԴԵՐՁԻՆ ԴՊՉՈՂ ԿԻՆԸ (Մարկ. 5։21-43. Ղուկ. 8։40-56) 18  Երբ անիկա անոնց հետ այս բաները կը խօսէր, ահա իշխան մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Աղջիկս թերեւս մինչեւ հիմա մեռած է, բայց եկուր ձեռքդ անոր վրայ դիր ու պիտի ապրի»։ 19  Յիսուս ելաւ ու իր աշակերտներուն հետ անոր ետեւէն գնաց։ 20  Ահա տասներկու տարուան տեռատես կին մը մօտեցաւ ետեւէն, անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ. 21  Քանզի իր մտքին մէջ կ’ըսէր. «Միայն անոր հանդերձին դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ 22  Յիսուս երբ ետին դարձաւ ու տեսաւ զանիկա, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Կինը նոյն ժամուն բժշկուեցաւ։ 23  Երբ Յիսուս իշխանին տունը հասաւ, տեսաւ փողահարները եւ խռոված բազմութիւնը, 24  Ըսաւ անոնց. «Մէկդի գացէք, վասն զի աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ 25  Ոմանք կը ծաղրէին զանիկա։ Երբ բազմութիւնը դուրս ղրկուեցաւ, ինք ներս մտաւ, անոր ձեռքէն բռնեց ու աղջիկը ոտքի ելաւ։ 26  Այս լուրը բոլոր երկիրը տարածուեցաւ։ ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿՈՒ ԿՈՅՐԵՐ ԿԸ ԲԺՇԿԷ 27  Երբ Յիսուս անկէ յառաջ անցաւ, երկու կոյր ինկան անոր ետեւէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի»։ 28  Երբ տուն հասաւ, կոյրերը իրեն եկան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէր»։ 29  Այն ատեն անոնց աչքերուն դպաւ ու ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։ 30  Անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, մէ՛կը չիմանայ»։ 31  Բայց անոնք ելան, այն բոլոր երկրին մէջ անոր համբաւը տարածեցին։ ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄՐ ՄԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ 32  Երբ անոնք դուրս ելան, ահա համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն։ 33  Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ։ Եւ ժողովուրդը զարմացաւ ու կ’ըսէին թէ՝ Իսրայէլի մէջ բնաւ այսպիսի բան տեսնուած չէր։ 34  Բայց փարիսեցիները կ’ըսէին. «Ատիկա դեւերուն իշխանութիւնովը դեւեր կը հանէ»։ ՅԻՍՈՒՍ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ԽՂՃԱՅ 35  Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ 36  Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ 37  Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, 38  Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։

Ստորանիշներ

9։13 Ոմանք չունին