ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 13։1-37

13  Երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։  Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔՆԵՐ (Մատթ. 24։3-14. Ղուկ. 21։7-19)  Երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը՝ տաճարին դէմ՝ նստեր էր, Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսն ու Անդրէասը հարցուցին իրեն առանձինն.  «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։  Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ.  Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։  Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ վերջը չէ։  Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։  Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։ 10  Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ 11  Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։ ՍՈՍԿԱԼԻ ԱՒԵՐՈՒՄՆԵՐ (Մատթ. 24։15-28. Ղուկ. 21։20-24) 12  «Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ 13  Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։ 14  Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին 15  Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու 16  Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ 17  Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ 18  Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։ 19  Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ 20  Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։ 21  Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահա հո՛ս է Քրիստոսը’, կամ ‘Ահա հո՛ն’, մի՛ հաւատաք. 22  Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ 23  Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը»։ ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ (Մատթ. 24։29-31. Ղուկ. 21։25-28) 24  «Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ 25  Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ 26  Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ 27  Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։ ԹԶԵՆԻԻՆ ԴԱՍԸ (Մատթ. 24։32-35. Ղուկ. 21։29-33) 28  «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է։ 29  Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ 30  Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան։ 31  Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ ՈՉ ՈՔ ԳԻՏԷ ՕՐԸ ԵՒ ԺԱՄԸ (Մատթ. 24։36-44) 32  «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։ 33  Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ 34  Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ 35  Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ 36  Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ 37  Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։

Ստորանիշներ