ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 5։1-43
5 Գացին ծովուն անդիի կողմը՝ Գադարացիներուն* երկիրը։
2 Երբ ինք նաւէն ելաւ, գերեզմաններէն ելած մարդ մը պատահեցաւ իրեն, որ պիղծ ոգի ունէր,
3 Որուն բնակած տեղն ալ գերեզմաններուն մէջ էր ու շղթայով ալ մէկը չէր կրնար զանիկա կապել,
4 Որովհետեւ շատ անգամ ոտնակապերով եւ շղթաներով կապուեր էր, բայց անիկա շղթաները կտրեր ու ոտնակապերը կոտրտեր էր եւ մէ՛կը չէր կրնար զանիկա նուաճել։
5 Միշտ գիշեր ու ցորեկ գերեզմաններուն ու լեռներուն մէջ* կը կանչվռտէր ու իր մարմինը քարերով կը ճեղքռտէր։
6 Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր
7 Եւ մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալ Աստուծոյ, քեզ Աստուծմով կ’երդմնցնեմ, զիս մի՛ տանջեր»։
8 Քանզի կ’ըսէր անոր. «Պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն»։
9 Յիսուս անոր հարցուց. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Իմ անունս Լեգէոն է, վասն զի շատուոր ենք»։
10 Եւ շատ կ’աղաչէին* անոր՝ որ զիրենք այն երկրէն դուրս չղրկէ։
11 Հոն լերանը մօտ խոզերու մեծ երամակ մը կար՝ որ կ’արածէին։
12 Բոլոր դեւերը աղաչեցին անոր ու ըսին. «Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէս զի անոնց մէջ մտնենք»։
13 Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ Երբ պիղծ ոգիները ելան, խոզերուն մէջ մտան եւ երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց, երկու հազարի չափ կային, ու ծովուն մէջ խեղդուեցան։
14 Խոզարածները փախան ու պատմեցին՝ քաղաքը ու ագարակները եւ մարդիկ եկան տեսնելու՝ թէ ի՛նչ է եղած։
15 Եկան Յիսուսի քով, տեսան դիւահարը, որ լեգէոն ունէր, որ հագուած ու խելքը վրան եկած նստեր էր ու վախցան։
16 Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՞նչ եղաւ դիւահարին, նաեւ խոզերուն։
17 Անոնք ալ աղաչեցին Յիսուսին, որպէս զի իրենց սահմաններէն երթայ։
18 Երբ անիկա նաւը մտաւ, դիւահարը կ’աղաչէր անոր՝ որ անոր հետ երթայ,
19 Բայց Յիսուս թող չտուաւ, հապա ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։
20 Ան ալ գնաց եւ սկսաւ Դեկապոլիսի մէջ պատմել ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Ամէնքը կը զարմանային։
ՅԱՅՐՈՍԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ԵՒ ԿԻՆԸ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՂԱՆՑՔԻՆ ԴՊԱՒ
(Մատթ. 9։18-26. Ղուկ. 8։40-56)
21 Երբ Յիսուս նաւով նորէն ծովուն անդիի կողմը անցաւ, շատ բազմութիւն ժողվուեցաւ անոր քով եւ ինք ծովեզերքն էր։
22 Ժողովրդապետներէն մէկը եկաւ, որուն անունը Յայրոս էր։ Երբ տեսաւ Յիսուսը, անոր ոտքը ինկաւ,
23 Աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Իմ աղջիկս մեռնելու մօտ է, եկո՛ւր, անոր վրայ ձեռք դիր, որպէս զի ազատի ու պիտի ապրի»։
24 Ան ալ գնաց անոր հետ ու շատ բազմութիւն իր ետեւէն կ’երթային ու կը նեղէին զինք։
25 Կին մը, որ տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր
26 Ու շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր,
27 Երբ Յիսուսի վրայով լսեց, ետեւէն եկաւ բազմութեանը մէջ ու անոր հանդերձին դպաւ.
28 Քանզի կ’ըսէր. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։
29 Շուտ մը իր արիւնին աղբիւրը ցամքեցաւ ու իր մարմնին մէջ իմացաւ թէ տանջանքէն բժշկուեցաւ։
30 Եւ Յիսուս գիտցաւ թէ զօրութիւն մը իրմէ ելաւ, դարձաւ բազմութեան ու ըսաւ. «Ո՞վ դպաւ իմ հանդերձներուս»։
31 Աշակերտները ըսին իրեն. «Կը տեսնես թէ բազմութիւնը քեզ կը նեղէ ու կ’ըսես թէ՝ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։
32 Յիսուս իր բոլորտիքը նայեցաւ, որպէս զի այս բանը ընողը տեսնէ։
33 Կինը վախցաւ ու դողաց, վասն զի գիտէր թէ իրեն ի՛նչ եղաւ եւ եկաւ՝ անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր։
34 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա՛ խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։
35 Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան ու ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։
36 Իսկ Յիսուս ըսուած խօսքը լսելուն պէս ժողովրդապետին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։
37 Եւ մէկը թող չտուաւ որ իրեն հետ երթայ, միայն Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յակոբոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը։
38 Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։
39 Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։
40 Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։
41 Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, քեզի կ’ըսեմ, ելիր»։
42 Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։
43 Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց՝ որ մա՛րդ չգիտնայ այս բանը ու ըսաւ, որ անոր ուտելիք տան։
Ստորանիշներ
^ 5։1 Ոմանք, Գերգեսացիներուն
^ 5։5 Ոմանք, լեռներուն մէջ ու գերեզմաններուն մէջ
^ 5։10 Կամ, կ’աղաչէր