ՄԻՔԻԱՅ 4։1-13

4  Բայց վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռըԼեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի,Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ,Ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն   Եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն.«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը,Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք,Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ,Որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։Վասն զի օրէնքը՝ ՍիօնէնՈւ Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի յայտնուի։   Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ,Զօրաւոր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր,Իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէԵւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին,   Հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակՈւ իր թզենիին տակ պիտի նստի,Վախցնող պիտի չըլլայ.Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ։   Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝Ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ,Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենիցՄեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք։ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՔՍՈՐԷ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ   «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, կաղը պիտի հաւաքեմՈւ աքսորուածը պիտի հաւաքեմ,Զանիկա ալ, որ նեղեցի։   Կաղը մնացորդ պիտի ընեմ,Հեռուն վռնտուածը՝ զօրաւոր ազգ»։Տէրը Սիօն լերանը վրայ պիտի թագաւորէ անոնց վրայ,Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։   Դո՛ւն, ո՛վ հօտի աշտարակ, Սիօնի աղջկան բլո՛ւր,Մինչեւ քեզի պիտի գայ,Քեզի պիտի հասնի, առաջուան իշխանութիւնըՈւ թագաւորութիւնը՝ Երուսաղէմին աղջկան։   Հիմա ինչո՞ւ բարձրաձայն կը պոռաս.Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ,Կամ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ,Որ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւ բռնեց։ 10  Ցաւ քաշէ՛ ու ծննդականի պէս երկունքի մէջ եղի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,Քանզի հիմա քաղաքէն պիտի ելլեսՈւ դաշտի մէջ պիտի բնակիսՈւ մինչեւ Բաբելոն պիտի երթասԵւ հոն պիտի ազատիս։Հոն Տէրը քեզ պիտի ազատէ քու թշնամիներուդ ձեռքէն։ 11  Հիմա քու վրադ շատ ազգեր հաւաքուեցան, որոնք կ’ըսեն.«Թող անիկա պղծուիՈւ մեր աչքերը Սիօնը թող տեսնեն»։ 12  Բայց անոնք Տէրոջը խորհուրդները չեն գիտերՈւ անոր դիտաւորութիւնը չեն հասկնար,Քանզի ինք զանոնք կը հաւաքէ՝ ինչպէս որաները կալին մէջ կը հաւաքուին։ 13  Ելի՛ր ու կալը ծեծէ՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ,Քանզի քու եղջիւրդ երկաթէ պիտի ընեմ,Քու կճղակներդ պղնձէ պիտի ընեմՈւ շատ ժողովուրդներ պիտի մանրես։Անոնց վաստակը՝ ԵհովայինԵւ անոնց ստացուածքը բոլոր երկրին Տէրոջը պիտի նուիրեմ։

Ստորանիշներ