ՄԻՔԻԱՅ 6։1-16

6  Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։«Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։   «Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր,Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք,Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունիՈւ Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։   «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրիՈւ ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի.Ինծի պատասխան տո՛ւր,   Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցիՈւ ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցիԵւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։   Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛րԻնչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւՈւ ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեցԵւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա,Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։ ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ   «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամՈւ Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ.Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ,Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։   Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերուԿամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞.Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կսՈւ հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։   Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկըՈւ Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ,Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրելՈւ խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։   Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէՈւ իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ.«Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։ 10  Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞նՈւ պակաս արդու՝ որ պիղծ է։ 11  Միթէ անօրէնութեան կշիռներՈւ խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։ 12  Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն ենԵւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսինՈւ իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։ 13  Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմԵւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։ 14  Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանասԵւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատելՈւ ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։ 15  Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես.Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս.Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։ 16  Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուինԵւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերըԵւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք,Որպէս զի քեզ ամայացնեմԵւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ.Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։

Ստորանիշներ