ԹՈՒՂԹ ՅԱԿՈԲՈՒ 1։1-27

1  Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ՝ տասներկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջո՛յն։ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ  Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք,  Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։  Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք։  Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։  Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է.  Այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ.  Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։ ԱՂՔԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ  Խոնարհ եղբայրը իր բարձրութեանը վրայ թող պարծենայ 10  Եւ ան որ հարուստ է՝ իր խոնարհութեանը վրայ, վասն զի անիկա խոտի ծաղկին պէս պիտի անցնի. 11  Քանզի արեւը սաստիկ տաքութիւնով մը կը ծագի ու կը ցամքեցնէ խոտը եւ անոր ծաղիկը կը թափի ու անոր երեւոյթին գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի. նոյնպէս ալ հարուստը իր ճամբաներուն մէջ պիտի թառամի։ ՓՈՐՁ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԻԼ 12  Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ։ 13  Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. «Աստուծմէ կը փորձուիմ». վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ։ 14  Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. 15  Անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի։ 16  Մի՛ խաբուիք, իմ սիրելի՛ եղբայրներս. 17  Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։ 18  Իր ուզելովը մեզ ծնաւ ճշմարտութեան խօսքովը, որպէս զի մենք իր ստեղծածներուն երախայրի մը ըլլանք։ ԼՍԵԼ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵԼ 19  Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ, 20  Վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր։ 21  Ուստի ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։ 22  Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ 23  Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. 24  Վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր։ 25  Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։ 26  Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է։ 27  Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. որբերուն ու որբեւայրիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն։

Ստորանիշներ