ԹՈՒՂԹ ՅԱԿՈԲՈՒ 2։1-26

2  Ե՛ղբայրներս, աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը։  Քանզի եթէ ձեր ժողովին մէջ մարդ մը մտնելու ըլլայ որ ունենայ ոսկի մատանի եւ փառաւոր հանդերձներ, հոն աղքատ մըն ալ մտնելու ըլլայ աղտոտ հանդերձներով  Եւ նայիք անոր վրայ որ փառաւոր հանդերձներ ունի ու ըսէք. «Դուն հոս նստէ պատուով», իսկ աղքատին՝ «Ոտքի՛ կայնէ» կամ «Նստէ պատուանդանիս քով»,  Ձեր մէջ խտրութիւններ չէ՞ք դներ ու չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար։  Մտիկ ըրէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ,  Բայց դուք աղքատները անարգեցիք։ Հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն ու ձեզ դատարանները կը քաշեն։  Անոնք չե՞ն որ կը հայհոյեն այն բարի անուան, որ ձեր վրայ դրուած է։  Արդ՝ եթէ դուք արքայական օրէնքը կը կատարէք գրքին ըսածին համեմատ, թէ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», աղէկ կ’ընէք.  Բայց եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք եւ օրէնքէն պիտի յանդիմանուիք օրինազանցներու պէս։ 10  Քանզի ով որ բոլոր օրէնքը պահէ ու բանի մը մէջ յանցաւոր ըլլայ, անիկա ամենուն պարտական կ’ըլլայ։ 11  Վասն զի ան որ ըսաւ թէ «Շնութիւն մի՛ ըներ», ըսաւ թէ «Մի՛ սպաններ». ուստի եթէ շնութիւն չընես բայց սպանութիւն ընես, օրինազանց կ’ըլլաս։ 12  Այնպէ՛ս խօսեցէք եւ այնպէ՛ս ըրէք՝ որպէս թէ ազատութեան օրէնքովը պիտի դատուիք։ 13  Վասն զի դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չ’ըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց։ ՀԱՒԱՏՔ ԵՒ ԳՈՐԾԵՐ 14  Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա։ 15  Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ 16  Ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ 17  Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։ 18  Նաեւ կրնայ մէկը ըսել թէ՝ «Դուն հաւատք ունիս, ես ալ գործեր ունիմ. դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս»։ 19  Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին։ 20  Բայց կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ, թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։ 21  Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու։ 22  Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ։ 23  Եւ գրքին խօսքը կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ», եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ։ 24  Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։ 25  Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց զանոնք։ 26  Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։

Ստորանիշներ