ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 10։1-11

10  Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս։  Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ  Եւ մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան  Երբ եօթը որոտումները խօսեցան*, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր*. «Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր»։  Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր աջ ձեռքը երկինք վերցուց  Ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ «Ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ.  Հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց»։  Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է»։  Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։ 10  Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։ 11  Ան ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով*»։

Ստորանիշներ

10։4 Ոմանք, իրենց ձայներովը խօսեցան
10։4 Ոմանք, ինծի կըսէր
10։11 Կամ, առջեւ