ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 11։1-19

11  Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. «Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները։  Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս։  Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն»։  Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան։  Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։  Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։  Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։  Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր* Տէրն ալ խաչուեցաւ։  Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։ 10  Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին։ 11  Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ 12  Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին*, որ կ’ըսէր անոնց. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք»։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան։ 13  Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն։ 14  Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ։ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՓՈՂԸ 15  Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ 16  Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով. 17  «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր*, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։ 18  Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները»։ 19  Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ անոր* ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։

Ստորանիշներ

11։8 Ոմանք, իրենց
11։12 Ոմանք, լսեցի
11։17 Ոմանք կ’աւելցնեն, եւ որ պիտի գաս
11։19 Ոմանք, Տէրոջը