ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15։1-8

15  Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։  Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ* անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին  Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու*.  Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։  Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր,  Ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։  Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ, յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։  Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։

Ստորանիշներ

15։2 Ոմանք, եւ անոր դրոշմին եւ
15։3 Ոմանք, ազգերու