ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 2։1-29

2  «Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի.  ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։  Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար* ու չթուլցար։  Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։  Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։  Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ։  Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’»։ ՊԱՏԳԱՄ ԶՄԻՒՌՆԻԱՅԻՆ  «Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ.  ‘Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, բայց հարուստ ես, ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ։ 10  Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։ 11  Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն։ Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի’»։ ՊԱՏԳԱՄ ՊԵՐԳԱՄՈՆԻՆ 12  «Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի. 13  ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի։ 14  Բայց քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ, որ հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն։ 15  Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս, որը ես կ’ատեմ։ 16  Ուստի ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ։ 17  Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։ ՊԱՏԳԱՄ ԹԻՒԱՏԻՐԻՆ 18  «Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են. 19  ‘Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են։ 20  Բայց քեզի դէմ բան մը* ունիմ, որ կը թոյլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։ 21  Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ 22  Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն։ 23  Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ։ 24  Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, ինչպէս կ’ըսեն, Ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր. 25  Հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։ 26  Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, 27  Եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին. 28  Ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը։ 29  Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։

Ստորանիշներ

2։3 Ոմանք, եւ իմ անուանս համար աշխատեցար
2։20 Ոմանք, քիչ մը բան