ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 22։1-21

22  Ինծի կեանքի ջուրի գետ* մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։  Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային։  Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։  Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ։  Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ  Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն* Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։  Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։  Եւ ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր,  Բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ 10  Եւ ըսաւ ինծի. «Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ 11  Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ։ 12  ‘Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ 13  Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը։ 14  Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն, որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ 15  Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպանութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն’։ 16  «‘Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը’»։ 17  Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր», եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր», ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։ ՎԵՐՋԱԲԱՆ 18  «Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են. 19  Եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն* եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։ 20  Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. ‘Այո՛, շուտով կու գամ ես’»։ «Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ 21  Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն։

Ստորանիշներ

22։1 Ոմանք, մաքուր գետ
22։6 Ոմանք, մարգարէներու հոգիներուն
22։19 Ոմանք, ծառէն