ՅԵՍՈՒԱՅ 12։1-24

12  Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Իսրայէլի որդիները զարկին ու անոնց երկիրները առին, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք, Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը՝ արեւելեան կողմին բոլոր դաշտովը,  Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը, որ կը տիրէր Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն եւ ձորին մէջտեղէն ու Գաղաադի կէսէն մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը  Նաեւ դաշտին արեւելեան կողմէն մինչեւ Քեներեթի ծովը ու արեւելեան կողմէն Բեթեսիմօթին ճամբան ու հարաւային կողմէն Ասեդովթ–Փասգային տակ՝ մինչեւ դաշտի ծովը, այսինքն մինչեւ աղի ծովը։  Հսկաներուն մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին սահմանը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը բնակէր  Եւ կը տիրէր Հերմոն լերանը ու Սելքայի եւ բոլոր Բասանի մինչեւ Գեսուրացիներուն եւ Մաքաթացիներուն սահմանը ու մինչեւ Գաղաադի կէսը, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին սահմանն էր։  Ասոնք Տէրոջը ծառան Մովսէսը Իսրայէլի որդիներուն հետ զարկաւ ու ասոնց երկիրները Տէրոջը ծառան Մովսէսը Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուաւ։ ՅԵՍՈՒԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ  Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Յեսու ու Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Լիբանանի հովիտին մէջ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Քալակ լեռը, որ Սէիր կ’ելլէ։ Յեսու անոնց երկիրները Իսրայէլի ցեղերուն ժառանգութիւն տուաւ իրենց վիճակներուն համեմատ՝  Լեռներուն ու հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ ու լեռներուն ստորոտները եւ անապատը ու հարաւային կողմը բնակող Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները,  Երիքովի թագաւորը, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը, 10  Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, 11  Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորը, 12  Էգղոնի թագաւորը, Գազերի թագաւորը, 13  Դաբիրի թագաւորը, Գադերի թագաւորը, 14  Հօրմայի թագաւորը, Արադի թագաւորը, 15  Լեբնայի թագաւորը, Ոդողոմի թագաւորը, 16  Մակեդայի թագաւորը, Բեթէլի թագաւորը, 17  Թափուայի թագաւորը, Ոփերի թագաւորը, 18  Ափէկի թագաւորը, Լասարօնի թագաւորը, 19  Մադոնի թագաւորը, Հասորի թագաւորը, 20  Սամրօն–Մառօնի թագաւորը, Աքսափի թագաւորը, 21  Թանաքի թագաւորը, Մակեդդովի թագաւորը, 22  Կադէսի թագաւորը, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը, 23  Դովրի գաւառին մէջ Դովրի թագաւորը, Գաղգաղայի Գոյիմի թագաւորը, 24  Թերսայի թագաւորը. բոլորը՝ երեսունըմէկ հոգի էին։

Ստորանիշներ