ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 13։1-38
13 Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք։
2 Երբ ընթրիքը կ’ըլլար, Սատանան արդէն Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային սրտին մէջ դրեր էր, որ զանիկա մատնէ,
3 Յիսուս գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան իր ձեռքը տուաւ եւ թէ ինք Աստուծմէ ելաւ ու Աստուծոյ քով պիտի երթայ,
4 Ընթրիքէն ելաւ եւ հանդերձները մէկդի դրաւ ու ղենջակ մը առնելով մէջքը փաթթեց։
5 Ետքը կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ իր փաթթուած ղենջակովը սրբել։
6 Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսին, ան ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս»։
7 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ես ինչ որ կ’ընեմ, դուն հիմա չես իմանար, հապա ետքը պիտի իմանաս»։
8 Պետրոս ըսաւ անոր. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Պատասխան տուաւ անոր Յիսուս. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։
9 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։
10 Յիսուս ըսաւ անոր. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ»,
11 Վասն զի կը ճանչնար զանիկա, որ զինք պիտի մատնէր. անոր համար ըսաւ. «Ոչ թէ ամէնքդ ալ մաքուր էք»։
12 Երբ անոնց ոտքերը լուաց եւ իր հանդերձները առնելով նորէն սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։
13 Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։
14 Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։
15 Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։
16 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։
17 Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք։
18 Ո՛չ թէ ձեր ամենուն համար կ’ըսեմ, վասն զի ես կը ճանչնամ զանոնք որ ես ընտրեցի, հապա որպէս զի այն գրուածը կատարուի թէ՝ ‘Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց’։
19 Հիմակուընէ կ’ըսեմ ձեզի երբ դեռ չէ եղեր, որպէս զի երբ ըլլայ, հաւատաք թէ ես ան եմ։
20 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ով որ կ’ընդունի զանիկա զոր ես կը ղրկեմ, զիս կ’ընդունի եւ ո՛վ որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի’»։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ՄԱՏՆՈՒԻԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26։20-25. Մարկ. 14։17-21. Ղուկ. 22։21-23)
21 Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, իր հոգիին մէջ խռովեցաւ եւ վկայեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։
22 Ուստի աշակերտները տարակուսած իրարու կը նայէին թէ որո՞ւ համար կ’ըսէ։
23 Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին քով* նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։
24 Սիմոն Պետրոս անոր աչք կ’ընէր հարցնելու թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անիկա՝ որուն համար կ’ըսէ։
25 Ան ալ Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։
26 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Եւ թրջելով պատառը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային տուաւ
27 Պատառէն ետքը Սատանան անոր ներսը մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։
28 Բայց այս բանը սեղան նստողներէն մէ՛կը չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ համար ըսաւ անոր։
29 Վասն զի ոմանք կը խորհէին թէ՝ որովհետեւ գանձանակը Յուդան կը պահէր, Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է, կամ՝ որպէս զի աղքատներուն բան մը տայ»։
30 Անիկա ալ պատառը առածին պէս շուտ մը դուրս ելաւ ու գիշեր էր։
ՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ
31 Երբ անիկա դուրս ելաւ, Յիսուս ըսաւ. «Հիմա փառաւորուեցաւ Որդին մարդոյ ու Աստուած փառաւորուեցաւ անով.
32 Եթէ Աստուած անով փառաւորուեցաւ, Աստուած ալ զանիկա իր անձովը պիտի փառաւորէ եւ շուտով պիտի փառաւորէ զանիկա։
33 Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ.
34 ‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։
35 Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՊԵՏՐՈՍԻՆ ՈՒՐԱՆԱԼԸ ԿԸ ԳՈՒՇԱԿԷ
(Մատթ. 26։31-35. Մարկ. 14։27-31. Ղուկ. 22։31-34)
36 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։
37 Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։
38 Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար. ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։
Ստորանիշներ
^ 13։23 Յուն., գոգը