ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 14։1-31
14 «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։
2 Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։
3 Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։
4 Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք»։
5 Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։
6 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով։
7 Եթէ զիս ճանչնայիք, իմ Հայրս պիտի ճանչնայիք եւ ասկէ յետոյ պիտի ճանչնաք զանիկա ու տեսնէք զանիկա»։
8 Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։
9 Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։
10 Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը։
11 Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է.
12 Ապա թէ ոչ՝ գոնէ գործերուն համար ինծի հաւատացէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ։
13 Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։
14 Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ։
15 Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։
ՅԻՍՈՒՍ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՂՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
16 «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի.
17 Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասն զի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ։
18 Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի։
19 Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք։
20 Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս, ես ալ ձեր մէջը։
21 Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։
22 Ըսաւ անոր Յուդա, ոչ Իսկարիովտացին. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։
23 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք։
24 Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ զիս ղրկեց։
25 Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ,
26 Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։
27 Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։
28 Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ’երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ* ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինձմէ մեծ է։
29 Եւ հիմա դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։
30 Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի.
31 Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։
Ստորանիշներ
^ 14։28 Ոմանք, որ ըսի թէ