ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 15։1-27

15  «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է։  Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։  Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։  Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։  Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։  Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած ու չորցած է եւ կը ժողվեն զանոնք ու կրակը կը նետեն ու կ’այրեն։  Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի։  Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։  «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ 10  Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ։ 11  Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։ 12  Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ 13  Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ 14  Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ 15  Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։ 16  Ո՛չ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ե՛ս ձեզ ընտրեցի ու դրի ձեզ որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ բերէք ու ձեր պտուղը մնայ, որպէս զի իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի տայ։ 17  Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 18  «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ 19  Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ 20  Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն։ 21  Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։ 22  Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա իրենց մեղքին պատճառանք մը չունին։ 23  Ան որ զիս կ’ատէ, իմ Հայրս ալ կ’ատէ։ 24  Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ 25  Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’։ 26  Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ 27  Եւ դուք ալ կը վկայէք, վասն զի սկիզբէն ի վեր ինծի հետ էք»։

Ստորանիշներ