ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 19։1-42

19  Այն ատեն Պիղատոս առաւ Յիսուսը ու ծեծեց։  Զինուորներն ալ փուշերէ պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին եւ անոր ծիրանի հանդերձ մը հագցուցին.  Ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէի՛ց թագաւոր» եւ ապտակներ կը զարնէին անոր։  Պիղատոս նորէն դուրս ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա զանիկա դուրս կը բերեմ ձեզի, որպէս զի գիտնաք թէ ես անոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։  Այն ատեն Յիսուս դուրս ելաւ՝ փշեղէն պսակն ու ծիրանի հանդերձը հագած եւ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ահա՛ այն մարդը»։  Քահանայապետներն ու սպասաւորները երբ տեսան զանիկա, աղաղակեցին ու ըսին. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք առէք ատիկա ու խաչը հանեցէք, վասն զի ես ատոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։  Հրեաները պատասխան տուին իրեն. «Մենք օրէնք ունինք եւ մեր օրէնքին համեմատ պէտք է որ մեռնի, վասն զի ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ»։  Երբ Պիղատոս այս խօսքը լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։  Ու նորէն պալատը մտնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Ուրկէ՞ ես դուն»։ Բայց Յիսուս պատասխան չտուաւ անոր։ 10  Ուստի Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու»։ 11  Յիսուս պատասխան տուաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար։ Անոր համար՝ ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է»։ 12  Անկէ յետոյ Պիղատոս կը փնտռէր թէ ի՛նչպէս զանիկա արձակէ. բայց Հրեաները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի»։ 13  Իսկ Պիղատոս, երբ այս խօսքը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը ու նստաւ բեմին վրայ, այն տեղը որ Քարայատակ կը կոչուէր եւ Եբրայեցերէն՝ Կապպաթա. 14  Զատկին ուրբաթ օրն էր ու ժամը վեցին ատեններն էր. եւ Հրեաներուն ըսաւ. «Ահա ձեր թագաւորը»։ 15  Բայց անոնք աղաղակեցին. «Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ»։ Քահանայապետները պատասխան տուին. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ 16  Այն ատեն անոնց ձեռքը տուաւ զանիկա, որպէս զի խաչուի։ ՅԻՍՈՒՍ ԽԱՉԻՆ ՎՐԱՅ ԳԱՄՈՒԵՑԱՒ (Մատթ. 27։32-44. Մարկ. 15։21-32. Ղուկ. 23։26-43) 17  Անոնք ալ առին Յիսուսը ու կը տանէին. Յիսուս իր խաչը վերցնելով՝ ելաւ Գագաթ ըսուած տեղը, որ Եբրայեցերէն Գողգոթա կը կոչուի։ 18  Հոն զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հետ ուրիշ երկուք ալ՝ ամէն մէկը մէկ կողմը եւ մէջտեղը Յիսուսը։ 19  Տախտակ մըն ալ գրեց Պիղատոս ու դրաւ խաչին վրայ, ուր այսպէս գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ 20  Եւ տախտակը Հրեաներէն շատեր կարդացին, վասն զի քաղաքին մօտ էր այն տեղը՝ ուր Յիսուս խաչուեցաւ ու գրուած էր Եբրայեցերէն, Յունարէն եւ Լատիներէն։ 21  Այն ատեն Հրէից քահանայապետները Պիղատոսին ըսին. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ 22  Պիղատոս պատասխան տուաւ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի»։ 23  Զինուորները երբ Յիսուսը խաչը հանեցին, անոր հանդերձները առին ու չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը. իսկ պատմուճանը առանց կարի էր, վերէն վար հիւսուած. 24  Ուստի ըսին իրարու. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ». որպէս զի կատարուի այն գրուածը որ կ’ըսէ. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Ահա զինուորները այս բաները ըրին։ 25  Յիսուսին խաչին քով կայներ էին իր մայրը եւ իր մօրը քոյրը, Մարիամ՝ Կղէովպասի կինը ու Մարիամ Մագդաղենացին։ 26  Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր, որ մօտը կայներ էր, ըսաւ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ 27  Ետքը ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ»։ Եւ այն ժամանակէն աշակերտը զանիկա իր քով առաւ։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ (Մատթ. 27։45-56. Մարկ. 15։33-41. Ղուկ. 23։44-49) 28  Անկէ ետք, Յիսուս գիտնալով թէ արդէն ամէն բան լմնցած է, որպէս զի գրուածը կատարուի, ըսաւ. «Ծարաւ եմ»։ 29  Եւ հոն քացախով լեցուն աման մը կար. անոնք քացախով սպունգ մը լեցնելով զոպայի մշտիկի վրայ փաթթուած՝ անոր բերնին մօտեցուցին։ 30  Ուստի Յիսուս երբ քացախը առաւ՝ ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» ու գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԿՈՂԸ ԽՈՑՈՒԵՑԱՒ 31  Այն ատեն Հրեաները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր եւ որպէս զի այն մարմինները խաչին վրայ չմնան մինչեւ շաբաթ օրը, (վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր,) Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին։ 32  Զինուորները եկան ու առաջինին սրունքները կոտրտեցին. նաեւ միւսինը՝ որ անոր հետ խաչը ելած էր։ 33  Բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին. 34  Բայց զինուորներէն մէկը գեղարդով անոր կողը խոցեց եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելաւ։ 35  Եւ ան որ տեսաւ այս բաները՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ’ըսէ, որպէս զի դուք ալ հաւատաք։ 36  Վասն զի այս բաները եղան որպէս զի կատարուի այն գրուածը թէ՝ «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։ 37  Ուրիշ գրուած մը կ’ըսէ թէ՝ «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ (Մատթ. 27։57-61. Մարկ. 15։42-47. Ղուկ. 23։50-56) 38  Ասկէ ետք Յովսէփ, որ Արիմաթիայէն էր, Յիսուսի աշակերտը եղած՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն, խնդրեց Պիղատոսէն որ Յիսուսին մարմինը վերցնէ։ Պիղատոս ալ հրաման տուաւ. ուստի եկաւ, վերցուց Յիսուսին մարմինը։ 39  Նիկոդէմոս ալ եկաւ, որ առաջուընէ գիշերով իր քով եկեր էր, ու բերաւ հարիւր լիտրի չափ զմուռսի ու հալուէի խառնուրդ մը։ 40  Յիսուսին մարմինը առին, խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս Հրեաները սովորութիւն ունին։ 41  Այն տեղը, ուր խաչուեցաւ, պարտէզ մը կար ու այն պարտէզին մէջ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամենեւին մարդ դրուած չէր։ 42  Հրեաներուն ուրբաթին համար հոն դրին Յիսուսը, վասն զի գերեզմանը մօտ էր։

Ստորանիշներ