ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 4։1-54
4 Արդ երբ Տէրը իմացաւ որ փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէն աւելի աշակերտներ կ’առնէ եւ կը մկրտէ,
2 Թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները,
3 Թողուց Հրէաստանը ու նորէն Գալիլիա գնաց։
4 Ու պէտք եղաւ որ Սամարիայի մէջէն անցնի։
5 Ուստի եկաւ Սամարացիներուն քաղաքը, որուն անունը Սուքար էր, այն տեղին մօտ՝ որ Յակոբ իր որդիին Յովսէփին տուաւ։
6 Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։
7 Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու».
8 (Քանզի իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին, որպէս զի ուտելիք առնեն։)
9 Այն ատեն Սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը՝ վասն զի Հրեաները Սամարացիներուն հետ չեն հաղորդակցիր»։
10 Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։
11 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։
12 Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։
13 Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։
14 Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։
15 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու»։
16 Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։
17 Կինը պատասխան տալով ըսաւ. «Ես այր չունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ,
18 Վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր»։
19 Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես։
20 Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։
21 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա՛ ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։
22 Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։
23 Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։
24 Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։
25 Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, Քրիստոս ըսուածը, երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։
26 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։
27 Այս խօսքին վրայ իր աշակերտները եկան ու զարմացան որ այն կնոջ հետ կը խօսէր, բայց անոնցմէ մէ՛կը չըսաւ թէ «Ի՞նչ կ’ուզես, կամ ի՞նչ կը խօսիս ատոր հետ»։
28 Այն ատեն կինը ձգեց իր սափորը ու քաղաքը գնաց եւ ըսաւ քաղաքացիներուն.
29 «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։
30 Անոնք քաղաքէն ելան ու անոր եկան։
31 Այս միջոցին աշակերտները իրեն կ’աղաչէին ու կ’ըսէին. «Ռաբբի՛, հաց կեր»։
32 Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։
33 Այն ատեն աշակերտները կ’ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ»։
34 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։
35 Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի։ Ահա ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են’։
36 Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան։
37 Վասն զի ճշմարիտ է այն խօսքը թէ՝ ‘Ուրիշը կը սերմանէ եւ ուրիշը կը հնձէ’։
38 Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշները աշխատեցան ու դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք»։
39 Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։
40 Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու օր հոն կեցաւ։
41 Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։
42 Ու կ’ըսէին կնոջը. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։
43 Երկու օրէն յետոյ ելաւ անկէ եւ Գալիլիա գնաց,
44 Վասն զի Յիսուս ինք վկայեց թէ ‘Մարգարէ մը իր գաւառին մէջ պատիւ չ’ունենար’։
45 Երբ Գալիլիա հասաւ, Գալիլիացիները զինք ընդունեցին, քանզի տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որոնք ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. վասն զի իրենք ալ այն տօնին գացեր էին։
ՅԻՍՈՒՍ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆԻ ՄԸ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ԲԺՇԿԷ
46 Յիսուս նորէն եկաւ Գալիլիացիներուն Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Հոն ազնուական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ։
47 Ասիկա լսելով, որ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկեր է, եկաւ անոր ու կ’աղաչէր, որ երթայ եւ իր որդին բժշկէ, վասն զի մեռնելու վրայ է։
48 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, բնաւ պիտի չհաւատաք»։
49 Ազնուականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եկուր, քանի իմ տղաս մեռած չէ»։
50 Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, քու որդիդ ողջ է»։ Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին, որ Յիսուս իրեն ըսաւ ու գնաց։
51 Երբ կ’երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետիս տուին ըսելով. «Քու տղադ ողջ է»։
52 Այն ատեն հարցուց անոնց թէ ‘ո՞ր ժամուն սկսաւ աղէկի դառնալ’։ Ըսին իրեն. «Երէկ ժամը եօթին տենդը թողուց զանիկա»։
53 Այն ատեն գիտցաւ անոր հայրը թէ այն ժամն էր երբ Յիսուս իրեն ըսաւ թէ ‘Քու որդիդ ողջ է’ ու հաւատաց ինք եւ իր բոլոր տունը։
54 Այս երկրորդ հրաշքն էր որ Յիսուս ըրաւ, երբ Հրէաստանէն Գալիլիա եկաւ։