ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8։1-59
8 Յիսուս Ձիթենեաց լեռը գնաց։
2 Երբ առտուն նորէն տաճարը եկաւ, բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գար ու ինք նստեր կը սորվեցնէր անոնց։
3 Դպիրներն ու փարիսեցիները շնութեան մէջ բռնուած կին մը բերին անոր ու զանիկա մէջտեղը կայնեցնելով՝
4 Ըսին իրեն. «Վա՛րդապետ, այս կինը շնութեան մեղքը գործած ատենը բռնուեցաւ։
5 Մովսէս օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Հիմա դուն ի՞նչ կ’ըսես ատոր համար»։
6 Ասիկա կ’ըսէին՝ զանիկա փորձելով, որպէս զի անոր վրայ ամբաստանութիւն ընելու առիթ մը ունենան. բայց Յիսուս դէպի վար ծռելով՝ մատովը գետնին վրայ կը գրէր.
7 Սակայն երբ ստիպեցին՝ հարցնելով իրեն, վեր նայեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջին քարը անիկա թող ձգէ ատոր վրայ»։
8 Եւ նորէն ծռելով՝ գետնին վրայ կը գրէր։
9 Անոնք այս լսելով ու իրենց խղճմտանքէն յանդիմանուելով՝ մէկիկ մէկիկ դուրս ելան, ծերերէն սկսած մինչեւ յետինները։ Յիսուս մինակ մնաց ու կինը մէջտեղը կայնած։
10 Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։
11 Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։
ՅԻՍՈՒՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ
12 Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։
13 Իսկ փարիսեցիները ըսին անոր. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։
14 Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։
15 Դուք մարմնին նայելով դատաստան կ’ընէք։ Ես բնաւ մէկը չեմ դատեր,
16 Թէեւ դատելու ալ ըլլամ, իմ դատաստանս ճշմարիտ է. վասն զի ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։
17 Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։
18 Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։
19 Այն ատեն ըսին անոր. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։
20 Յիսուս այս խօսքերը խօսեցաւ գանձատունը՝ երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ու մէ՛կը չբռնեց զանիկա, վասն զի դեռ անոր ժամանակը հասած չէր։
ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ԵՐԹԱԼ ՀՈՆ, ՈՒՐ ԵՍ Կ’ԵՐԹԱՄ
21 Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։
22 Ասոր վրայ Հրեաները կ’ըսէին. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։
23 Ըսաւ անոնց. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ.
24 Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։
25 Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի։
26 Շատ բաներ ունիմ ձեզի համար խօսելու եւ դատելու. բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։
27 Անոնք չիմացան թէ Հօրը համար կը խօսէր իրենց։
28 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ.
29 Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։
ԱԶԱՏ ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԳԵՐԻՆԵՐ
30 Երբ ասոնք խօսեցաւ, շատ մարդիկ իրեն հաւատացին։
31 Այն ատեն Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք
32 Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։
33 Պատասխան տուին իրեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’»։
34 Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’։
35 Եւ ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ։
36 Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։
37 Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։
38 Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։
39 Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք։
40 Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ։
41 Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։
42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքնիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։
43 Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար խօսքիս մտիկ ընել։
44 Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը։
45 Բայց որո՛վհետեւ ես ճշմարտութիւն կը խօսիմ, ինծի չէք հաւատար։
46 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար. իսկ եթէ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։
47 Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄ
48 Պատասխան տուին Հրեաները ու ըսին անոր. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։
49 Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք։
50 Իսկ ես իմ փառքս չեմ փնտռեր։ Կայ մէկը, որ կը փնտռէ ու կը դատէ։
51 Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ’»։
52 Այն ատեն Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։
53 Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։
54 Յիսուս պատասխան տուաւ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր* Աստուածն է,
55 Բայց զանիկա չէք ճանչնար, իսկ ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զանիկա եւ անոր խօսքը կը պահեմ։
56 Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։
57 Իսկ Հրեաները ըսին անոր. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։
58 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։
59 Այն ատեն քարեր վերցուցին որպէս զի անոր վրայ նետեն, բայց Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ անոնց մէջէն անցնելով՝ տաճարէն դուրս ելաւ ու գնաց։
Ստորանիշներ
^ 8։54 Ոմանք, Ձեր