ՅՈՎՆԱՆՈՒ 1։1-17
1 Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եղաւ՝ ըսելով.
2 «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։
3 Բայց Յովնան ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի։ Յոպպէ իջաւ ու նաւ մը գտաւ, որ Թարսիս կ’երթար։ Անոր վարձքը տուաւ ու անոր մէջ մտաւ, որպէս զի անոնց հետ Թարսիս երթայ՝ Տէրոջը երեսէն հեռու։
4 Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, այնպէս որ նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր։
5 Նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր ու նաւուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէս զի զանիկա թեթեւցնեն. բայց Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար։
6 Նաւապետը անոր մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՜վ խորունկ քնացող. ելի՛ր քու Աստուծոյդ աղաղակէ, թերեւս Աստուած մեզ յիշէ ու չկորսուինք»։
7 Իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, վիճա՛կ ձգենք, որպէս զի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ»։ Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանին ելաւ։
8 Անոնք ըսին անոր. «Հիմա պատմէ՛ մեզի՝ թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ։ Քու գործդ ի՞նչ է։ Ուրկէ՞ կու գաս։ Քու երկիրդ ո՞րն է ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես»։
9 Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես Եբրայեցի եմ եւ ծովն ու ցամաքը ստեղծող երկնքի Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտեմ»։
10 Այն մարդիկը խիստ շատ վախցան ու անոր ըսին. «Այդ բանը ինչո՞ւ ըրիր»։ Քանզի այն մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջը երեսէն կը փախչէր, վասն զի անոնց պատմեր էր։
11 Ուստի անոր ըսին. «Քեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը դադարի»։ Քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։
12 Անիկա ըսաւ անոնց. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ»։
13 Այն մարդիկը թի քաշելով կը ջանային նաւը ցամաքը դարձնել, բայց չէին կրնար, քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։
14 Ուստի Եհովային աղաղակեցին ու ըսին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղաչենք, այս մարդուն հոգիին համար մեզ մի՛ կորսնցներ ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՛ դներ, քանզի դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, ուզածիդ պէս ըրիր»։
15 Եւ Յովնանը վերցուցին ու ծովը նետեցին եւ ծովը իր կատաղութենէն դադարեցաւ։
16 Այն մարդիկը Եհովայէն սաստիկ վախցան ու Եհովային զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին։
17 Եւ Տէրը մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ։ Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց։