ՆԱՒՈՒՄԱՅ 2։1-13

2  Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ։Պարիսպը պահպանէ՛, ճամբան դիտէ՛,Մէջքերդ ուժովցո՛ւր ու բոլոր ոյժդ վրադ հաւաքէ՛։   Քանզի Տէրը Յակոբին վայելչութիւնըԻսրայէլին վայելչութեանը պէս նորոգեց,Վասն զի աւարառուները զանիկա կողոպտեցինՈւ անոնց որթատունկին ճիւղերը աւերեցին.   Անոր զօրաւոր մարդոց վահանը կարմրեցաւԱնոր քաջ մարդիկը ծիրանի հագան.Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը պողպատի փայլունութիւն* պիտի ունենայ,Նիզակները պիտի երերցուին։   Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին,Հրապարակներուն մէջ իրարու պիտի բաղխին։Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայՈւ փայլակներու պէս պիտի վազեն։   Իր կտրիճները պիտի յիշէ։Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին,Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորանՈւ պատսպարան պիտի պատրաստուի։   Գետերուն դռները պիտի բացուինՈւ պալատը պիտի փլչի*։   Ու նախասահմանուեցաւ*, որ անիկա գերութեան ելլէԵւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելովՈւ աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ երթան։   Նինուէն շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր.Սակայն անոնք փախչելով՝ ‘Կայնեցէ՛ք, կայնեցէ՛ք’, պիտի ըսեն,Բայց դարձող պիտի չըլլայ։   Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք,Քանզի անոր զարդերը անթիւ ենՈւ ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ։ 10  Պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։Սրտերը կը հալին ու ծունկերը իրարու կը զարնուին,Բոլոր մէջքերը կը դողանՈւ ամենուն երեսները գոյներնին կը նետեն։ 11  Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանըԵւ առոյգ առիւծներուն արօտը։Արու առիւծը, մատակ առիւծըՈւ առիւծին կորիւնը ո՞ւր կը պտըտէին։Զանոնք վախցնող չկայ։ 12  Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէրՈւ իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր։Իր մորիները՝ որսով,Իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր։ 13  «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,Եւ քու կառքերդ պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ։Սուրը պիտի ուտէ քու առոյգ առիւծներդ։Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմԵւ քու դեսպաններուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի»։

Ստորանիշներ

2։3 Կամ, ջահերու լոյս
2։6 Եբր., հալի
2։7 Կամ, թէեւ պահապաններ դրուած են