ՆԷԵՄԵԱՅ 10։1-39
10 Կնքողները ասոնք էին՝ Աքազիայի որդին Նէեմիա Աթարսաթանը, Սեդեկիան, Սարայիան,
2 Ազարիան, Երեմիան,
3 Փասուրը, Ամարիան, Մեղքիան,
4 Քետտուսը, Սաբանիան, Մալուքը,
5 Հարիմը, Մերամօթը, Աբդիան,
6 Դանիէլը, Կանաթոնը, Բարուքը,
7 Մեսուղամը, Աբիան, Միամին,
8 Մաազիան, Բեղգան ու Սեմայիան, ասոնք քահանաներն էին։
9 Ու Ղեւտացիները, Ազանիային որդին Յեսուն, Բանուին ու Ենադադին որդիներէն Կադմիէլը,
10 Եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիան, Ովդիան, Կովղիտան, Փաղայիան,
11 Անանը, Միքան, Րոոբը, Ասաբիան,
12 Զաքուրը, Սարաբիան, Սաբանիան,
13 Ովդիան, Բանին ու Բանինուն։
14 Ժողովուրդին իշխանները, Փարոսը, Փաաթ–Մովաբը, Եղամը,
15 Զաթուն, Բանին, Բունին, Ազգադը,
16 Բեբային, Ադոնիան, Բագուէն, Ադինը,
17 Ատերը, Եզեկիան, Ազուրը,
18 Ովդիան, Հասումը, Բեսէին,
19 Արիփը, Անաթովթը, Նովբայը,
20 Մագփիասը, Մեսուղամը, Եզիրը,
21 Մասիզեբէլը, Սադովկը, Յադդուան,
22 Փաղատիան, Անանը, Անանիան,
23 Ովսէէն, Անանիան, Ասուբը,
24 Ալօէսը, Պիլան, Սօբէկը,
25 Հռէումը, Ասաբանան, Մաասիան,
26 Աքիան, Անանը, Օնանը,
27 Մալուքը, Հարիմը ու Բաանան։
ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ
28 Մնացած ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգողները, Նաթանայիմներն ու երկիրներու ժողովուրդներէն Աստուծոյ օրէնքին հետեւելու համար բոլոր զատուողները, իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները, այսինքն ամէն անոնք, որոնք կրնային հասկնալ,
29 Իրենց երեւելի եղբայրներուն հետ միաբանեցան ու անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային Մովսէսին միջոցով տրուած Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն ու մեր Եհովա Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներն ու օրէնքները եւ կանոնները պահեն ու կատարեն։
30 Եւ խօսք տուինք, որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք եւ անոնց աղջիկները մեր տղոցը չառնենք։
31 Ու երկրին ժողովուրդներուն շաբաթ օրը ծախելու համար բերած ապրանքները եւ ամէն տեսակ ուտելիքը՝ շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը՝ անոնցմէ չառնենք ու եօթներորդ տարին բոլոր պարտքերն ու պահանջները ներենք։
32 Ու մեզի կանոն դրինք, որ մեր Աստուծոյն տանը ծառայութեանը համար ամէն տարի սիկղին մէկ երրորդ մասը տանք
33 Առաջաւորութեան հացին, մշտնջենաւոր հացի ընծային, մշտնջենաւոր ողջակէզին, շաբաթներուն, ամսագլուխներուն, տօներուն, սուրբ բաներուն ու Իսրայէլի քաւութիւն ըլլալու համար մեղքի պատարագներուն համար ու մեր Աստուծոյն տանը ամէն գործի համար
34 (Եւ փայտի ընծային համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին վիճակ ձգեցինք, որ զանիկա մեր Տէր Աստուծոյն սեղանին վրայ վառելու համար, տարուէ տարի՝ որոշուած ատենները ազգատոհմերուն համաձայն մեր Աստուծոյն տունը բերենք, ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է)
35 Ու մեր երկրին առաջին պտուղները եւ ամէն ծառի առաջին պտուղները տարուէ տարի Տէրոջը տունը տանինք։
36 Մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն անդրանիկները՝ ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է ու մեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները մեր Աստուծոյն տունը տանինք՝ մեր Աստուծոյն տանը մէջ պաշտօն ունեցող քահանաներուն
37 Ու մեր խմորներուն երախայրիները եւ մեր ընծաները, այսինքն ամէն ծառի պտուղ, գինի ու իւղ տանինք քահանաներուն եւ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն, որ երկրին արտադրութիւններուն տասանորդը Ղեւտացիներուն տանք ու Ղեւտացիները մեր բոլոր երկրագործութեան քաղաքներէն տասանորդներ առնեն։
38 Ու Ահարոնին որդին՝ քահանան՝ Ղեւտացիներուն տասանորդին մասնակից ըլլայ ու Ղեւտացիները տասանորդին տասանորդը մեր Աստուծոյն տունը՝ գանձատանը սենեակները՝ տանին.
39 Վասն զի Իսրայէլի որդիներն ու Ղեւիի որդիները ցորենին ու գինիին ու իւղին ընծան այն սենեակները պիտի տանին, ուր սրբարանին անօթներն ու պաշտօն ունեցող քահանաներն ու դռնապանները ու երգողները կը կենան. ատով մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք։