ՆԷԵՄԵԱՅ 11։1-36
11 Ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան ու մնացած ժողովուրդին համար վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին։
2 Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու։
3 Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան)։
4 Յուդայի ու Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։
Յուդայի որդիներէն էին՝ Մաղաղիէլին որդիին Սափատիային որդիին Ամարիային որդիին Զաքարիային որդիին Ոզիային որդին Աթայիան, որ Փարէսի որդիներէն էր.
5 Սիլօնիին որդիին Զաքարիային որդիին Յովարիբին որդիին Ադայիային որդիին Ազայիային որդիին Քոլոզէին որդիին Բարուքին որդին Մաասիան։
6 Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիները չորս հարիւր վաթսունըութը զօրաւոր մարդիկ էին։
7 Բենիամինին որդիները ասոնք էին՝ Եսայիին որդիին Իթիէլին որդիին Մաասիային որդիին Կովղիային որդիին Փադայիային որդիին Յովադին որդիին Մեսուղամին որդին Սալլուն։
8 Ասոնց հետ՝ Գեբէին, Սելէին եւ Այլն, ինը հարիւր քսանըութը հոգի
9 Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիին որդին Յովէլն էր, իսկ Սենուային որդին Յուդան քաղաքին վրայ տեղակալ էր։
10 Քահանաներէն՝ Յովարիբին որդին Յեդայիան, Յաքին,
11 Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբին որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Սաբայիան
12 Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տունը կ’աշխատէին, ութը հարիւր քսանըերկու հոգի էին ու Մեղքիային որդիին Փասուրին որդիին Զաքարիային որդիին Ամասիին որդիին Փաղաղիային որդիին Յերոամին որդին Ադայիան
13 Ու անոր եղբայրները՝ տոհմապետները՝ երկու հարիւր քառասունըերկու հոգի էին ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Ահզային որդիին Ազարիէլին որդին Ամեսային
14 Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Անոնց իշխանն էր Ագեդողիմին որդին Զաբդիէլը։
15 Ղեւտացիներէն՝ Բունիին որդիին Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբին որդին Սեմայիան,
16 Նաեւ Սաբեդան ու Յովզաբադը, որոնք Ղեւտացիներուն իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ կը հսկէին։
17 Ասափին որդիին Զաբդիին որդիին Միքային որդին Մաթանիան երգողներուն գլխաւորն էր ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել եւ անոր եղբայրներէն Բակբոկիան՝ երկրորդն էր ու անկէ ետքը Իդիթունին որդիին Գաղաբին որդիին Սամուային որդին Աբդան էր։
18 Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս հոգի էին։
19 Դռնապանները, Ակկուբն ու Տեղմոնը՝ ու անոնց եղբայրները՝ դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունըերկու հոգի էին։
20 Եւ Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր։
21 Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին եւ Սիան ու Գիսփան Նաթանայիմներուն վրայ էին։
22 Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերակացուն՝ Միքային որդիին Մաթանիային որդիին Ասաբիային որդիին Բանիին որդին Ոզին էր, Ասափին որդիներէն՝ երգողներէն՝ որոնք Աստուծոյ տանը գործին կը հսկէին.
23 Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի։
24 Յուդայեան Զարային որդիներէն Մասիզեբէլին որդին Փեթայիան ժողովուրդին ամէն գործի մէջ թագաւորին գործակալն էր։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
25 Ու Յուդայի որդիներէն ոմանք գիւղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ–Արբային ու անոր գիւղերուն մէջ, Դեբօնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսէէլին ու անոր գիւղերուն մէջ
26 Ու Յեսուային ու Մօլադային ու Բեթփաղեթին
27 Եւ Ասերսուաղին ու Բերսաբէէին ու անոր գիւղերուն մէջ
28 Եւ Սիկելակին ու Մեքոնային եւ անոր գիւղերուն մէջ
29 Ու Ենռեմօնին, Սարաային, Յերիմութին,
30 Զանովին, Ոդողոմին ու անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսին ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկային ու անոր գիւղերուն մէջ ու Բերսաբէէն մինչեւ Ենովմի ձորը բնակեցան։
31 Բենիամինին որդիներէն ոմանք Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա ու Բեթէլ ու անոր գիւղերուն մէջ,
32 Անաթովթ, Նոբ, Անանիա,
33 Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ,
34 Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեփաղադ,
35 Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան։
36 Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։