ՆԷԵՄԵԱՅ 5։1-19

5  Ժողովուրդը ու անոնց կիները իրենց Հրեայ եղբայրներուն դէմ մեծ աղաղակ բարձրացուցին։  Ոմանք կ’ըսէին. «Մենք մեր տղաքներովն ու աղջիկներովը շատուոր ենք. երթանք ուտելիք ծախու առնենք, որպէս զի ուտենք ու ապրինք»։  Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Մենք մեր արտերը, այգիներն ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէս զի սովի համար ուտելիք ծախու առնենք»։  Ուրիշներ կ’ըսէին. «Թագաւորին հարկ տալու համար մեր արտերն ու այգիները գրաւի դրինք ու ստակ փոխ առինք  Ու հիմա մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմնին պէս է ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս եւ ահա մենք մեր տղաքներն ու աղջիկները իբր ծառայ կը ծախենք* եւ արդէն մեր աղջիկներէն աղախին ըլլալու ծախուածներ* ալ կան ու բան մը ընելու կարող չենք. որովհետեւ մեր արտերն ու այգիները ուրիշներուն ձեռքն են»։  Երբ ես անոնց աղաղակն ու այս խօսքերը լսեցի, խիստ նեղուեցայ։  Մտքիս մէջ խորհելէ յետոյ՝ ազնուականներն ու ոստիկանները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Դուք ամէնքդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ’առնէք»։ Անոնց դէմ մեծ ժողով մը գումարեցի։  Այն ատեն անոնց ըսի. «Մենք հեթանոսներուն ծախուած մեր Հրեայ եղբայրները մեր կարողութեան ներած չափով ծախու առինք ու հիմա դուք ձեր եղբայրները կը ծախէ՞ք, կամ անոնք պէ՞տք է մեզի ծախուին»։ Անոնք լռեցին ու չկրցան պատասխան տալ։  Ուստի ըսի. «Այդ ձեր ըրածը աղէկ բան չէ. պէտք չէ՞ որ մեր Աստուծոյն վախովը քալէք, որպէս զի մեր թշնամիներուն առջեւ խայտառակ չըլլանք։ 10  Ես ալ ու իմ եղբայրներս ու ծառաներս ալ ստակ ու ցորեն փոխ տուած ենք անոնց, բայց հիմա այս պարտքը անոնց կը շնորհենք։ 11  Ուստի ձեզի կ’աղաչեմ, որ այսօր անոնց ետ դարձնէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթենիներն ու տուները. նաեւ ստակին, ցորենին, գինիին ու իւղին հարիւրէն մէկը, որ անոնցմէ կը պահանջէք»։ 12  Անոնք ըսին. «Ետ պիտի դարձնենք ու անոնցմէ բա՛ն մը պիտի չպահանջենք։ Ինչպէս ըսիր՝ այնպէս պիտի ընենք»։ Այն ատեն քահանաները կանչեցի ու անոնց երդում ընել տուի, որ այսպէս ընեն։ 13  Նաեւ հանդերձս* թօթուեցի ու ըսի. «Ով որ այս բանը չկատարէ, իր տունէն ու վաստակէն Աստուած այսպէս թող թօթուէ, այսպէս թող թօթուուի ու պարպուի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն», ըսին ու Տէրը օրհնեցին ու ժողովուրդը ըսուածը կատարեց։ ՆԷԵՄԻԱՅԻՆ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ 14  Յուդայի երկրին մէջ անոնց իշխանը եղած օրէս՝ Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչեւ երեսունըերկրորդ տարին տասնըերկու տարի՝ թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ եղբայրներս իշխանութեան ռոճիկը չառինք*։ 15  Բայց ինձմէ առաջ եղող նախորդ իշխանները ժողովուրդին բեռ կ’ըլլային ու անոնցմէ հաց ու գինի կ’առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէ զատ։ Անոնց ծառաներն ալ ժողովուրդին վրայ կը բռնանային. բայց ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի։ 16  Նաեւ այս պարսպին գործին մէջ աշխատեցայ ու մենք արտ ծախու չառինք եւ իմ բոլոր ծառաներս հոն հաւաքուած էին այն գործին համար։ 17  Հրեաներէն ու ոստիկաններէն հարիւր յիսուն մարդ ու շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները իմ սեղանէս կ’ուտէին։ 18  Ամէն օրուան ծախքս այս էր՝ արջառ մը ու վեց ընտիր ոչխար եւ ինծի համար թռչուններ ալ կը պատրաստուէին ու տասը օրը անգամ մը առատութեամբ ամէն տեսակ գինիէ կ’ելլէր. ասկէ զատ՝ իշխանութեան ռոճիկն ալ չպահանջեցի, վասն զի այս ժողովուրդին գործը ծանր էր։ 19  Ո՛վ Աստուած իմ, այս ժողովուրդին ըրածներուս համեմատ զիս յիշէ։

Ստորանիշներ

5։5 Եբր., կը հպատակեցնենք
5։5 Եբր., հպատակուածներ
5։13 Եբր., ծոցս
5։14 Եբր., իշխանի հացը չկերանք