ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 4։1-22
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ՝ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ՅԵՏՈՅ
4 Ոսկին ինչպէ՜ս իր գոյնը կորսնցուց ու մաքուր ոսկին փոխուեցաւ։Սրբարանին քարերը բոլոր փողոցներուն գլուխը թափուեցան։
2 Սիօնին պատուական տղաքները, որոնք ընտիր ոսկիի հաւասար էին,Բրուտի ձեռքով շինուած խեցեղէն ամաններու պէս սեպուեցան։
3 Վիշապներն* անգամ ծիծերնին կը հանեն ու իրենց լակոտներուն կաթ կու տան.Իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլամներուն պէս անգութ եղաւ։
4 Կաթնկերին լեզուն ծարաւէն իր քիմքին փակաւ.Տղաքները հաց ուզեցին, բայց անոնց տուող չկար։
5 Ազնիւ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ յուսակտուր մնացին.Կարմիր հագուստներով մեծցողները աղբանոցներ գրկեցին։
6 Իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնութիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ,Որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ՝ դեռ ոեւէ մէկուն ձեռքը չդպած։
7 Անոր ազնուականները ձիւնէն մաքուր, կաթէն ճերմակ էին.Անոնց մարմինը յակինթներէն* կարմիր էր, անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր։
8 Անոնց դէմքը ածուխէն աւելի սեւ եղաւ, այնպէս որ փողոցներու մէջ չէր ճանչցուէր։Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն փակաւ, չորցաւ ու փայտի պէս եղաւ։
9 Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին,Վասն զի վերջինները ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան։
10 Գթասիրտ կիներուն ձեռքերը իրենց տղաքը եփեցին,Իմ ժողովուրդիս աղջկան կոտորածին ատենը իրենց կերակուր եղան։
11 Տէրը իր սրտմտութիւնը կատարեց, իր սաստիկ բարկութիւնը թափեց.Սիօնի մէջ կրակ բռնկցուց, որ անոր հիմերը սպառեց։
12 Երկրի թագաւորներն ու աշխարհի բոլոր բնակիչները չհաւատացինԹէ հակառակորդը ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնեն։
13 Անոր մարգարէներուն մեղքերէն, անոր քահանաներուն անօրէնութիւններէն,Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին
14 Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով ապականեցան,Այնպէս որ մարդ կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ։
15 Անոնց կը կանչէին. «Ե՛տ քաշուեցէք, ո՛վ անմաքուրներ, ե՛տ քաշուեցէք, մի՛ դպչիք».Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերու մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք անգամ մըն ալ հոս պիտի չբնակին»։
16 Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անգամ մըն ալ անոնց չի նայիր.Քահանաներուն պատիւ չըրին, ծերերուն չգթացին։
17 Մեզի գալիք օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչեւ հիմա աչքերնիս մաշեցան.Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։
18 Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպտըտինք.Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ։
19 Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան.Մեզ լեռներու վրայ Հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան։
20 Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բռնուեցաւ,Որու համար մենք կ’ըսէինք. ‘Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք’։
21 Ցնծա՛ եւ ուրախ եղի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս.Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես։
22 Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ա՛լ քեզ գերի պիտի չքշեն։Քու անօրէնութիւնդ պիտի պատժէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։