ՈՂԲՔ ԵՐԵՄԵԱՅ 5։1-22

ԳՈՒԹԻ ԽՆԴՐԱՆՔ 5  Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս։   Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ,Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։   Հայր չունեցող որբեր եղանք,Մեր մայրերը որբեւայրիներու պէս են։   Մեր ջուրը ստակով խմեցինք,Մեր փայտը ծախու կ’առնենք։   Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով կը հալածուինք,Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք։   Հացով կշտանալու համարԴէպի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք*։   Մեր հայրերը մեղք գործեցին եւ չկանՈւ անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։ ’   Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ,Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ։   Անապատի սուրին երեսէնՄեր հացը՝ մեր կեանքը վտանգելով ձեռք բերինք. 10  Սովին սաստկութեանը պատճառովՄեր մորթը փուռի պէս տաքցաւ։ 11  Կիները Սիօնի մէջ խայտառակուեցանՈւ կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։ 12  Իշխանները անոնց ձեռքով* կախուեցան.Ծերերուն պատիւ չըրին։ 13  Երիտասարդները երկանաքարեր վերցուցինՈւ տղաքը փայտի տակ ինկան։ 14  Ծերերը դադարեցան դուռը նստելէնՈւ երիտասարդները՝ իրենց երաժշտութենէն։ 15  Մեր սրտին ուրախութիւնը դադարեցաւ,Մեր կաքաւելը սուգի փոխուեցաւ։ 16  Մեր գլխուն թագը ինկաւ.Հիմա վա՜յ մեզի, վասն զի մեղք գործեցինք։ 17  Ասոր համար մեր սիրտը նուաղած է,Ասոնց պատճառով աչքերնիս խաւարեցան։ 18  Սիօն՝ լերանը պատճառով, որ ամայի եղաւ։Անոր վրայ աղուէսներ կը պտըտին։ 19  Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս.Քու աթոռդ դարէ դար պիտի տեւէ։ 20  Ինչո՞ւ համար յաւիտեան մեզ կը մոռնասՈւ երկար ժամանակ մեզ կը թողուս։ 21  Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր, ու դառնանք.Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛։ 22  Սակայն դուն բոլորովին մեզ մերժեցիր,Մեր վրայ խիստ շատ բարկացար։

Ստորանիշներ

5։6 Եբր., տուինք
5։12 Կամ, իրենց ձեռքէն