ՈՎՍԵԱՅ 11։1-12
11 «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէիՈւ իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։
2 Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցինՈւ կուռքերուն խունկ ծխեցին։
3 Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի.Զանոնք իրենց թեւերէն* կը վերցնէի,Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։
4 Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցիՈւ անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենցԵւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։
5 Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան,Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը,Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։
6 Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի,Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրինԵւ զիրենք պիտի բնաջնջէԻրենց խորհուրդներուն համար։
7 Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին,Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։
8 Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ,Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ.Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ,Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի,Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։
9 Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ,Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ,Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմՈւ բարկութեամբ պիտի չգամ*։
10 Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան,Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ,Երբ անիկա մռնչէ,Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։
11 Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէսՈւ Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
12 12։1 Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբՈւ Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ.Բայց Յուդան տակաւին Աստուծմէ կը ճանչցուիՈւ սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։