ՈՎՍԵԱՅ 9։1-17

9  Ժողովուրդներուն պէս մի՛ ցնծար եւ մի՛ ուրախանար, ո՛վ Իսրայէլ,Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր։Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձքը սիրեցիր։   Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրենԵւ քաղցուն հոն պիտի աւրուի*։   Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին,Հապա Եփրեմը Եգիպտոս պիտի դառնայ։Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։   Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանենԵւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան.Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց,Զանիկա ուտողները պիտի պղծուին.Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, բայցՏէրոջը տունը պիտի չմտնէ։   Ի՞նչ պիտի ընէք տօնին օրըՈւ Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։   Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան։Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ,Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։Եղիճը պիտի ժառանգէ անոնց արծաթը,Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին։   Պատուհասի օրերը հասան,Հատուցման օրերը հասան,Իսրայէլ պիտի գիտնայ։Քու անօրէնութեանդ շատութեանըԵւ քու մեծ հակառակութեանդ համար,Մարգարէն՝ անմիտ ու հոգեւոր մարդը խենթ եղաւ։   Եփրեմ՝ իմ Աստուծոյս ժողովուրդին դէտն է,Սակայն անոր բոլոր ճամբաներուն գայթակղութիւն կը լարէՈւ իր Աստուծոյն տանը հակառակութեան պատճառ կ’ըլլայ։   Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան։Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ։Անոնց մեղքը պիտի պատժէ։ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԵՂՔԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔԸ 10  Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայԵւ ձեր հայրերը թզենիին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ,Սակայն անոնք Բելփեգովր մտանՈւ իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցինԵւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան։ 11  Եփրեմին փառքը՝Ծնունդէն եւ արգանդէն ու յղութենէն առաջ՝Թռչունի պէս պիտի թռչի։ 12  Թէեւ իրենց տղաքները մեծցնեն,Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ մէկը չմնայ։Վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ քաշուիմ։ 13  Եփրեմն ալ, ինչպէս տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր,Բայց Եփրեմ իր տղաքները ջարդուելու կը պատրաստէ։ 14  Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր, ինչ որ պիտի տաս։Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ 15  Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է,Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ։Անոնց չար գործերուն պատճառովԶանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ,Զանոնք անգամ մըն ալ պիտի չսիրեմ։Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբ նետեր են։ 16  Եփրեմ զարնուեցաւ,Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։Եթէ անոնք ծնանին ալ,Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ։ ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ 17  Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ,Քանի որ իրեն մտիկ չըրին.Ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։

Ստորանիշներ

9։2 Եբր., ստէ