ՍԱՂՄՈՍ 104։1-35

104  Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.   Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։   Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ,Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։   Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէՈւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։   Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։   Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։   Քու սաստելէդ փախան,Քու որոտումիդ ձայնէն արտորալով փախան,   Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։   Սահման դրիր, որպէս զի չանցնինՈւ նորէն երկիրը չծածկեն։ 10  Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։ 11  Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնենՈւ վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցընեն։ 12  Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։ 13  Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։ 14  Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէՈւ մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն 15  Ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտըԵւ իւղ*՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէՈւ հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։ 16  Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։ 17  Հոն թռչունները բոյներնին կը շինենՈւ արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։ 18  Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն ենՈւ վէմերը՝ ճագարներուն։ 19  Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։ 20  Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ,Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։ 21  Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համարՈւ Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն. 22  Երբ արեգակը ծագի կը հեռանանԵւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։ 23  Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործինՈւ իր ծառայութեանը կ’երթայ։ 24  Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ*։ 25  Այս ծովը մեծ ու լայն է,Հոն անթիւ սողացողներ,Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։ 26  Հոն նաւերը կը քալենՈւ Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։ 27  Ամէնքը քեզի կը սպասեն,Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։ 28  Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։ 29  Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնինԵւ իրենց հողը կը դառնան։ 30  Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուինՈւ երկրին երեսը կը նորոգես։ 31  Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։ 32  Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։ 33  Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։ 34  Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։ 35  Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսինՈւ ամբարիշտները ոչնչանան։Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։

Ստորանիշներ

104։15 Եբր., իւղէն, կամ, իւղէն աւելի
104։24 Կամ, ստացուածքներովդ