ՍԱՂՄՈՍ 106։1-48

106  Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։   Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։   Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահենՈւ ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։   Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ,Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,   Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ,Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ,Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։   Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք,Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։   Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ,Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը,Հապա ապստամբեցան ծովուն քով,Կարմիր ծովուն քով։   Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց,Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։   Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւՈւ անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն 10  Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէնՈւ ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։ 11  Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին,Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։ 12  Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքինԵւ օրհնութիւն երգեցին անոր։ 13  Շուտով մոռցան անոր գործերըՈւ անոր խրատին չսպասեցին։ 14  Անապատին մէջ խիստ ցանկացինՈւ Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։ 15  Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածըԹէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։ 16  Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջՈւ Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին, 17  Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց ԴաթանըՈւ Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։ 18  Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ,Բոցը այրեց ամբարիշտները։ 19  Հորթ շինեցին Քորեբի մէջՈւ երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։ 20  Իրենց ՓառքըԽոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։ 21  Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը,Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ 22  Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջԵւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։ 23  Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ,Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝Մէջտեղը* անոր առջեւ կայնած չըլլար,Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։ 24  Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցինՈւ անոր խօսքին չհաւատացին։ 25  Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին,Տէրոջը ձայնը չլսեցին։ 26  Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ*,Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ 27  Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ,Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։ 28  Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցանՈւ մեռածներուն զոհերը կերան 29  Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։ 30  Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեցԵւ ժանտամահը դադրեցաւ։ 31  Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։ 32  Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ, 33  Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։ 34  Չկորսնցուցին այն ազգերը,Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց. 35  Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցանՈւ անոնց գործերը սորվեցան 36  Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցինՈւ անոնք իրենց որոգայթ եղան։ 37  Իրենց տղաքներն ու աղջիկներըԴեւերուն զոհեցին, 38  Անմեղ արիւն թափեցին,Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը,Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։ 39  Իրենց գործերովը պղծուեցանՈւ իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին, 40  Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայՈւ զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։ 41  Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեցՈւ զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։ 42  Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնքՈւ անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։ 43  Շատ անգամ փրկեց անոնք,Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին ԱնիկաՈւ նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։ 44  Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը,Երբ անոնց աղաղակը լսեց 45  Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեցԵւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց 46  Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւԳթութիւն գտնել տուաւ անոնց։ 47  Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր ԱստուածըՈւ հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն,Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենքՈւ քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։ 48  Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը,Յաւիտեանս յաւիտենից։Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։

Ստորանիշներ

106։23 Եբր., Խրամատին մէջ
106։26 Եբր., ձեռքը վերցուց