ՍԱՂՄՈՍ 115։1-18
115 Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի,Հապա քու անուանդ փառք տուր՝Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։
2 Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն.«Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։
3 Բայց մեր Աստուածը երկինքն է.Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։
4 Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,Մարդու ձեռքի գործեր են,
5 Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր.Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.
6 Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր.Քիթ ունին բայց հոտ չեն առներ.
7 Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր.Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալերՈւ իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։
8 Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողներըՈւ բոլոր անոնց յուսացողները։
9 Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա*.Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
10 Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք*։Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
11 Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք*։Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
12 Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ,Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ,Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.
13 Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ,Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։
14 Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ,Ձեզի ու ձեր որդիներուն։
15 Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն,Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
16 Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է,Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։
17 Մեռելները Տէրը չեն օրհներ,Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը* կ’իջնեն։
18 Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենքԱսկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։
Ստորանիշներ
^ 115։9 Կամ, Իսրայէլ Տէրոջը կը յուսայ
^ 115։10 Կամ, Ահարոնին տունը Տէրոջը կը դառնայ
^ 115։11 Կամ, Տէրոջմէն վախցողները Տէրոջը կը յուսան
^ 115։17 Եբր., լռութիւնը