ՍԱՂՄՈՍ 116։1-19
116 Ուրախ եմ ես*, վասն զի ՏէրըԻմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,
2 Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց,Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։
3 Մահուան լարերը զիս պատեցինՈւ գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։
4 Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։
5 Ողորմած ու արդար է ՏէրըԵւ մեր Աստուածը գթած է։
6 Տէրը միամիտները կը պահէ։Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։
7 Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ,Քանզի տէրը քեզի բարիք ըրաւ։
8 Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր,Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։
9 Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմԿենդանիներուն երկրին մէջ։
10 Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։«Ես խիստ թշուառացայ»։
11 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի.«Ամէն մարդ սուտ է»։
12 Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։
13 Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմՈւ Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
14 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմԻր բոլոր ժողովուրդին առջեւ։
15 Պատուական է Տէրոջը առջեւԻր սուրբերուն մահը։
16 Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի ես քու ծառադ եմ։Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։
17 Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզիՈւ Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
18 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմԻր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,
19 Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ,Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։
Ստորանիշներ
^ 116։1 Կամ, Տէրը կը սիրեմ