ՍԱՂՄՈՍ 118։1-29
118 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Իսրայէլ թող ըսէ.«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
3 Ահարոնին տունը թող ըսէ.«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
4 Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն.«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
5 Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցիԵւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով։
6 Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար,Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
7 Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ էՈւ ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։
8 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։
9 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։
10 Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին.Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
11 Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին,Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
12 Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին,Փուշերու կրակի պէս վառեցան։Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
13 Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ.Բայց Տէրը օգնեց ինծի։
14 Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս էՈւ իմ փրկութիւնս եղաւ։
15 Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
16 Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
17 Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ,Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։
18 Տէրը զիս շատ խրատեց,Բայց մահուան չմատնեց զիս։
19 Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները,Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։
20 Ա՛յս է Տէրոջը դուռը,Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։
21 Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիրՈւ ինծի փրկութիւն եղար։
22 Այն քարը, որ շինողները անարգեցին,Անկիւնին գլուխը եղաւ։
23 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւԶարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։
24 Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց.Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։
25 Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛.Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։
26 Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։
27 Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։Զոհի անասունները չուաններով կապեցէքՈւ սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք։
28 Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։
29 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։