ՍԱՂՄՈՍ 120։1-7

Աստիճաններուն երգը 120  Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցիՈւ անիկա ինծի պատասխան տուաւ։   Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէնՈւ նենգաւոր լեզուէն։   Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուիԵւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի*.   Զօրաւոր մարդուն սուր նետերըՈւ գիհիին կայծերը։   Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայԵւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։   Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւԽաղաղութիւնը ատողներուն հետ։   Ես խաղաղասէր էի.Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։

Ստորանիշներ

120։3 Կամ, Նենգաւոր լեզուն քեզի ի՞նչ կու տայ ու քեզի ի՞նչ կ’աւելցնէ