ՍԱՂՄՈՍ 127։1-5

Սողոմոնին աստիճաններուն երգը 127  Եթէ Տէրը չշինէ տունը,Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը,Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։   Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելլելը եւ ուշ հանգչիլըՈւ ցաւով հաց ուտելը։Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։   Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են.Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն* է։   Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ,Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։   Երանի՜ այն մարդուն,Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան,Պիտի չամչնան։

Ստորանիշներ

127։3 Կամ, վարձքն