ՍԱՂՄՈՍ 138։1-8
Սաղմոս Դաւիթի
138 Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովսԱստուածներուն* առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2 Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդԵւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմՔու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար,Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։
3 Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծի,Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։
4 Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն,Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։
5 Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն.Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։
6 Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէՈւ բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7 Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ,Դուն զիս պիտի կենդանացնես,Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմՔու ձեռքդ պիտի երկնցնեսԵւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
8 Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։
Ստորանիշներ
^ 138։1 Կամ, Հրեշտակներուն, կամ, Դատաւորներուն, եւ կամ, Աստուծոյ