ՍԱՂՄՈՍ 139։1-24
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
139 Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։
2 Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս,Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։
3 Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննեսՈւ իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։
4 Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ,Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։
5 Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիրԵւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։
6 Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է,Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։
7 Ո՞ւր երթամ քու ՀոգիէդԵւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։
8 Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես.Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.
9 Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմԵւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,
10 Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէՈւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
11 Եթէ ըսեմ. «Իրաւցնէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ,Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։
12 Մութն ալ քեզի խաւար չէ,Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ։
13 Վասն զի դուն ստեղծեցիր* իմ երիկամունքներսՈւ իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
14 Կը գոհանամ քեզմէ,Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։Քու գործերդ զարմանալի ենՈւ իմ անձս աղէկ գիտէ։
15 Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ,Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ,Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ*։
16 Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսանՈւ անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին,Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին,Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
17 Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։
18 Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։
19 Իրաւցնէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած.Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինձմէ։
20 Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսինԵւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն*։
21 Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր,Ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։
22 Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմԵւ ինծի թշնամի կը համարեմ։
23 Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու գիտցի՛ր իմ սիրտս.Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս
24 Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմԵւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։
Ստորանիշներ
^ 139։13 Կամ, ստացար
^ 139։15 Եբր., նկարակերպուեցայ
^ 139։20 Կամ, քաղաքներ անիրաւութեամբ կ’առնեն